Խմբագրական
Փառատօն
Յիսամեակը եղաւ անկիւնադարձ:
Չորս տարիէ ի վեր հայ ժողովուրդը բոլորովին տարբեր ապրումներ ունի իր նորագոյն պատմութեան ամէնէն սեւ թուականին հանդէպ, տարբեր մօտեցում, որ կը բխի ազգային գիտակցութեան գերագոյն ըմբռնումէ մը:
Մեծ եղեռնէն յիսունեւչորս տարի ետք, այսօր, հիմնովին տարբեր է պատկերը ժողովուրդի մը, որուն համար ամէնէն դժխեմ ճակատագիրը նախատեսած ու ծրագրած էր թշնամին: Իր լինելութեան մէջ եղող, վերածնող հայութիւն մը, հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի, նուիրական Դատի մը անտեղիտալի պահանջատէր` իր ծոցին մէջ կը ծաղկեցնէ բոլոր այն առանձնայատկութիւնները, որոնք դարերով կանգուն պահած են զինք` հակառակ մահուան խորշակներուն:
Ունինք մանաւանդ երիտասարդութիւն մը, որ գիտակցելով հանդերձ հիներու ապրումներուն, կը պարզէ բոլորովին այլ հոգեվիճակ, քան ինչ որ ունէին` իր հայրերը, անոնք, որոնք մահուան ճամբաներէն քալելէ ետք, տարագիրի հոգեբանութեամբ հասած էին ապահով ափեր` հոն կազմակերպելու համար իրենց անհատական եւ հաւաքական կեանքը, բայց` միշտ ենթակայ ահաւոր յիշատակին նախճիրի մը, որ փոթորիկի պէս իջաւ հայութեան գլխուն:
Նոր սերունդը այդ բարդոյթը չունի, եւ որքան լաւ, որ չունի: Այլապէս, որքան տխո՜ւր պիտի ըլլար մեր կեանքը եւ որքան մութ` մեր ապագան, եթէ յամենայինք սուգերու եւ եղերական պատկերներու ոգեկոչումին մէջ, հետզհետէ ենթարկուելով ճակատագրապաշտութեան մը, որ մեր պարագային, նոյնքան աղէտաբեր պիտի ըլլար, որքան` նոյնինքն Ոճիրը:
Այսօր հայ երիտասարդութիւնը Մեծ եղեռնի տարեդարձները վերածած է փառատօներու` տալով փաստական արտայայտութիւնը կենսունակութեան մը, որ բոլորովին խոտոր կը համեմատի մեր թշնամիին հաշիւներուն: Հայութեան առհաւական արժանիքները, մշակոյթին եւ ստեղծագործական արժէքներուն հանդէպ անոր առողջ կեցուածքը դարձեալ օգնութեան կը փութան մեր ազգային հաւաքական կեանքին ամրապնդման, եւ այս այնպիսի օրերու, երբ բոլոր յոյսերը ներելի են, բոլոր ակնկալութիւնները` հնարաւոր:
Աշխարհ փոխուած է: Փոխուած է հոլովոյթը ազգերու կեանքին: Տարբեր են ժամանակի եւ հեռաւորութեան չափանիշները, ու կը կարծենք, թէ այս փոփոխութիւնները կը գործեն ի նպաստ բոլոր փոքր եւ անիրաւուած ժողովուրդներուն, անոնց դատին, անկախութեան, ազատութեան եւ գերիշխանութեան իրաւունքներուն, մէկ խօսքով` ազատ ու անկախ հայրենիքներու մէջ զարգանալու եւ յառաջդիմելու հնարաւորութիւններուն:
Հայ երիտասարդութիւնը խոր գիտակցութիւնը ունի այս իրողութեան եւ այս գիտակցութեամբ կը բացատրուին իր արտայայտութիւնները թէ՛ ապրիլ 24-ի տարեդարձին առիթով եւ թէ՛ ընդհանրապէս մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ, ուր տիրապետողը ցեղին կենսունակութեան դրսեւորումն է` զանազան ձեւերով եւ այլազան կալուածներէ ներս:
Այս հաստատումները միայն ուրախութիւն կը պատճառեն մեր կազմակերպութեան, որուն հիմնական մտահոգութիւնը եղած է միշտ նոր սերունդները կապուած պահել հայութեան մտահոգութիւններուն եւ նպատակներուն, պայքարած է` ստեղծելու համար իր անցեալին հաւատարիմ ու նաեւ ապագային հանդէպ հաւատաւոր երիտասարդութիւն մը, որ մեր Դատին հետապնդման բերէ ո՛չ միայն իր խանդավառութիւնը, այլ նաեւ` իր գիտութիւնը, միջազգային կեանքի ծանօթութիւնները, մէկ խօսքով` մտային ու հոգեկան այն պաշարը, զոր ունենալու հնարաւորութենէն չզրկուեցաւ բարեբախտաբար:
Տակաւին չունինք ամբողջական գոհացումը մեր ակնկալութիւններուն, բայց ընթացքը լաւ է, յուսատու: Մնացեալը ժամանակի խնդիր է ու նաեւ` ուշադիր հետեւողականութեան: Կը կարծենք, որ յուսախաբ ըլլալու պատճառներ պիտի չտրուին մեզի, պիտի չտրուին հայ ժողովուրդին, որ դառնութիւններու բաժակը ըմպեց ցմրուր, եւ կը հաւատայ, որ յիսուն տարի առաջ հասաւ տեղ մը, ուրկէ անդին միայն բարձրանալ կայ:
Այս հաւատքով կ՛ոգեկոչենք մեր նահատակներուն յիշատակը: Այս հաւատքով կը պանծացնենք փառքը վերածնող հայութեան, որ այսօր իր անմահութեան կոթողները կը բարձրացնէ Ծիծեռնակաբերդէն Պիքֆայա ու մինչեւ Մոնթեպելլօ, դրօշակիրը նոյն ուխտին, պահանջատէրը` նոյն Դատին: