Ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան եւ հանրօգուտ շինութեանց ու փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս հետեւեցան Պէյրութի միջազգային օդակայանի մասնակի ընդարձակման աշխատանքներուն:
Այցելութենէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Հասան յայտնեց, որ Պէյրութի միջազգային նոր օդակայանով կարելի պիտի ըլլայ քաղաքացիներուն դիմագրաւած հարցերը մեղմացնել, ինչպէս նաեւ ամրան ընթացքին Լիբանան այցելող զբօսաշրջիկները հանգիստ դիմաւորել:
«Պէտք է պատրաստ ըլլանք արաբ զբօսաշրջիկները դիմաւորելու եւ զանոնք պէտք է դիմաւորենք լաւագոյն ձեւով: Պէյրութի միջազգային նոր օդակայանին սարքաւորումը պիտի ապահովենք եւ 1 յունիսին, վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ անոր պաշտօնական բացումը պիտի կատարենք նոր ձեւաւորումով», յայտնեց Հասան:
Իր կարգին, Ֆընիանոս նշեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ խճողումի հարցը լուծելու համար յայտարարած են «Ֆասթ թրեք» ծրագիրը, որուն հիման վրայ Ա. կարգի ճամբորդները պիտի անջատուին մնացեալ ճամբորդներէն, ինչ որ առիթ պիտի տայ ճամբորդներուն աւելի արագ հասնելու իրենց դարպասը:
Ֆընիանոս յայտնեց, որ լիբանանցին նշանակալից շփացածութիւն մը ունի եւ ան չի կրնար խճողում հանդուրժել, մինչդեռ ամբողջ աշխարհի տարածքին օդակայաններու խճողումի հարցեր կրնան պատահիլ:
Ան յաւելեալ համբերատարութիւն մաղթեց բոլորին` հաստատելով, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ խճողումի հարցը լուծելու համար ամէն ջանք ի գործ կը դրուի:
Ֆընիանոս անհրաժեշտ նկատեց, որ օդակայանի բարեկարգման աշխատանքը մինչեւ ամրան կէսը աւարտի: «Օդակայանի մասնակի ընդարձակման աշխատանքներուն որոշումը անցեալ տարի տրուեցաւ` լուծելու համար օդակայանի խճողուածութեան հարցը: Կը նախատեսեմ, որ 18 միլիոն տոլար արժող այս ծրագիրին գործադրութենէն ետք կարելի պիտի ըլլայ տարբերութիւն մը շօշափել, եւ լիբանանցիները մօտիկ ապագային պիտի զգան այդ տարբերութիւնը», շեշտեց Ֆընիանոս: