Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական Խորհուրդի Անդամ Փոլ Գրիգորեան Այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան
9 ապրիլին Ազգային առաջնորդարան այցելեց Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փոլ Գրիգորեանը` ընկերակցութեամբ գրասենեակի նոր վարիչ Կարօ Թորոսեանի եւ հանդիպում ունեցաւ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին հետ:
Այցելութեան ընթացքին երկու կողմերը խորհրդակցեցան Լոս Անճելըսը եւ գաղութը յուզող զանազան հարցերու շուրջ, ինչպէս` Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչում, միասնական ձեռնարկներ եւ քաղաքապետութեան կողմէ նախատեսուած նախաձեռնութիւններ:
Հանդիպումը վերջ գտաւ համագործակցութիւնը եւ փոխադարձ զօրակցութիւնը շարունակելու ակնկալութեամբ:
«Ճանաչում Եւ Դատապարտում. Երիտասարդ Թուրքերու Դատավարութիւնները» Գիրքի Ներկայացում
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Պոսթընի Համազգայինի մասնաճիւղին, 10 ապրիլին «Բաբգէն Սիւնի» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ «Ճանաչում եւ դատապարտում. Երիտասարդ թուրքերու դատավարութիւնները (1919-1921 եւ 1926 թուականներուն)» անգլերէն գիրքին շնորհահանդէսը:
Մասնաճիւղի ատենապետ Խաժակ Մկրտիչեանի բացման խօսքէն ետք մասնաճիւղի անդամ Վերժինի Թուլումեանը ծանօթացուց ներկաներուն թրքագէտ դոկտ. Մելինէ Անումեանին կենսագրութիւնը:
Դոկտ. Անումեանը սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց գիրքին բովանդակութիւնը: Գիրքը կը ներկայացնէ 1919-1921 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան ռազմական արտակարգ ատեաններուն մէջ հայերու տեղահանութեան եւ կոտորածներու մեղադրանքով յարուցուած դատական գործերու եւ 1926 թուականին Թուրքիոյ անկախութեան օրերուն դատարաններուն մէջ կայացած երիտթուրքերու դատավարութիւններու ուսումնասիրութիւնները: Դատավարութիւններու փաստաթուղթերը ներկայացնելով` ան նշեց, որ բազմիցս կ՛օգտագործուին «տեղային եւ զանգուածային բազմաթիւ սպանութիւնները» բացատրութիւնը, որ կը բնութագրէ 1946-ին Ռաֆայէլ Լեմքինին ներկայացուցած «Ցեղասպանութիւն» բառը:
Դոկտ. Անումեանը յայտնեց, որ թրքական կառավարութիւնը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած է այս դատավարութիւններուն ընթացքին եւ նոյնիսկ հետաքննութիւններ կայացուցած` պատասխանատուներու նկատմամբ, եւ բացատրեց երկրին մէջ տիրող մթնոլորտը: Ան կեդրոնանալով 1919-1921-ի դատավարութիւններուն վրայ` նկատել տուաւ, որ կատարուած են 63 դատավարութիւններ, արձակուած` քսան մահավճիռներ, որոնցմէ միայն իրագործուած են երեքը, աւելցնելով, որ թէեւ թրքական կառավարութիւնը իր որոշումները չկատարեց ցեղասպաններուն նկատմամբ, սակայն արդար վճիռը գործադրուած է «Նեմեսիս» գործողութեան կողմէ: Անումեանը հաստատեց նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ ցեղասպան պարագլուխները հերոսացած են եւ նոյնիսկ արժանացած են յուշարձաններու եւ շատ մը փողոցներ ու դպրոցներ կրած են անոնց անունները: Ան յայտնեց, որ ուսումնասիրած է նաեւ 1926-ի դատավարութիւնները, որպէսզի բաղդատական մը ըլլայ երկու դատավարութիւններուն միջեւ, որոնք ընդհանրապէս եղած են տարբեր, այն առումով, որ 1919-1921-ի դատավարութինը եղած է աւելի մեղմ եւ սանձարձակ:
Այնուհետեւ մասնաճիւղի անդամ Վարանդ Չիլոյեանը ներկայացուց գիրքի թարգմանիչ, քաղաքական գիտութիւններու դոկտոր հանգուցեալ Արա Գաբրիէլեանին կենսագրականը: Թարգմանութեան անաւարտ ձեռագիրը ամբողջացուցած է իր կինը` Համազգայինի Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Արեւիկ Գաբրիէլեանը, որ բեմ հրաւիրուեցաւ եւ ամփոփ գիծերու մէջ անգլերէնով ներկայացուց Անումեանի գիրքին բովանդակութիւնը: Իր խօսքին մէջ ան նաեւ անդրադարձաւ առաջին հրատարակութեան գիրքի կողքի նկարին, որ կտրուած գրիչ մըն է. խորհրդանշական ձեւով դատախազները այդպէս կ՛ընէին, երբեք նմանօրինակ դատավճիռ մը չարձակելու միտումով:
Աւարտին հեղինակը եւ խմբագիրը մակագրեցին գիրքի օրինակները:
Նշենք, որ Անումեանին գիրքը հրատարակուեցաւ 2013-ին, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին կողմէն, իսկ անգլերէնի տարբերակը` 2017-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի տպարանի` «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամի մատենաշարին միջոցով, իսկ թրքերէն տարբերակը` «Փենճերէ» հրատարակչական կողմէ:
Հայ Դատի Յանձնախումբին Նախաձեռնած Ապագայի Ղեկավարներու Եռօրեայ Հաւաք
Կազմակերպութեամբ Հայ դատի յանձնախումբին, համագործակցութեամբ Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու ՀԵԴ-ներուն, ինչպէս նաեւ «Ճորճթաուն» համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան, 10-12 մարտին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ ապագայի ղեկավարներու հաւաքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին քաղաքական, լրագրական ու հանրային մարզերուն մէջ ասպարէզ մը ընտրելու հետաքրքրութիւն ունեցող աւելի քան 30 հայ երիտասարդներ:
Հաւաքին առաջին օրը Հայ դատի տնօրինած եւ Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» վարժողական ծրագիրի շրջանաւարտներ Աւագ Քահրամանեանը եւ Թադէ Իշխանեանը, ինչպէս նաեւ Երիմեան աշխատանոցներ առաջնորդեցին աշխատանքի դիմումներու պատրաստութեան եւ յարաբերութիւններ հաստատելու վերաբերեալ, մինչ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն դասախօս փրոֆ. Ֆրենք Ծերունեանը շեշտեց քաղաքական կեանքին գործնականօրէն մասնակցելու կարեւորութիւնը` անհատական եւ համայնքին շահերու տեսանկիւններէն:
Երկրորդ օրը հաւաքին մասնակցողները «Ճորճթաուն» համալսարանին մէջ ներկայ եղան շարք մը ներկայացումներու, որոնք կ՛անդրադառնային ամերիկեան դիւանագիտութեան եւ միջազգային բարգաւաճման մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ 2020-ի Քոնկրեսին կամ նախագահական ընտրապայքարներուն մէջ աշխատանքի կարելիութեանց մասին: Ներկայացումները առաջնորդեցին` Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճոն Էվընզը, Ամերիկեան եւ Պոսթընի համալսարաններէն փրոֆ. Կրեկ Աֆթանտիլեանը, «Հէյլօ թրասթ»-էն Ամասիա Զարկայեանը եւ «Է տիմանտ ֆոր էքշըն» կազմակերպութենէն Սթիւ Օշանան: Ներկայացումները համադրեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Րաֆֆի Գարագաշեանը:
Նոյն օրը Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեանը, Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու Հայ դատի յանձնախումբի անդամներ Անի Չաղլասեանը եւ Զանգու Արմէնեանը ներկայացուեցին Միացեալ Նահանգներու տարածքին եւ տեղական, նահանգային ու դաշնակցային մակարդակներու վրայ Հայ դատի յանձնախումբերուն տարած գործունէութիւնը:
Երրորդ օրուան ընթացքին մասնակիցները հանդիպում ունեցան 15 քոնկրեսականներու հետ` մօտէն ծանօթանալու համար Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան յարաբերութիւնները սերտացնելու, Արցախին զօրակցելու, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու եւ Հայ դատի այլ առաջնահերթութեանց համար տարուող աշխատանքներուն: Ապա մասնակիցները ներկայ եղան Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ դեսպան Վարուժան Ներսէսեանի հիւրընկալութեամբ հաւաքի մը, որուն ընթացքին դեսպանին կողքին ելոյթ ունեցան` Հայ-ամերիկեան թանգարանէն Պերճ Կարապետեանը, ՀՕՄ-ի Ուաշինկթընի «Սաթենիկ» մասնաճիւղէն Իրմա Գասապեանը, «Արարատ» հիմնարկութեան «Շահինեան» կրթական հիմնադրամէն Տին Շահինեանը եւ «Փոլիթիքօ» թերթի խմբագիրներէն Չարլի Մահտեսեանը:
Ազգ. Վ. Եւ Ա. Շամլեան Վարժարանի Աշակերտները Վերանորոգեցին Պահանջատիրութեան Ուխտը` Ազգ. Առաջնորդարանի Ս. Նահատակաց Յուշակոթողին Առջեւ
Ազգային Վահան եւ Անուշ Շամլեան վարժարանի աշակերտները 9 ապրիլին, Ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով, խումբ-խումբ քայլարշաւով այցելեցին Ազգային առաջնորդարան եւ Ցեղասպանութեան յուշակոթողին առջեւ վերանորոգեցին իրենց պահանջատիրութեան ուխտը: Անոնք առաջին հերթին ծաղիկներ զետեղեցին նահատակներու յուշարձանին առջեւ եւ ապա հանդէս եկան հայրենասիրական երգերով ու ասմունքներով: Ելոյթներ ունեցան հայոց լեզուի դասատուներ, իսկ Աշակերտական խորհուրդին անունով` Քրիստին Աւագեանը:
Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը երեք խումբերով ներկայացած աշակերտներուն հերթաբար իր պատգամը ուղղեց` յիշեցնելով, որ կը գտնուինք Ծաղկազարդի եւ Ս. Յարութեան տօներու նախօրեակին, որոնք մեզի կը պատգամեն չարին դէմ բարիին եւ մահուան դիմաց յարութեան յաղթանակը` նկատել տալով նաեւ, որ կը գտնուինք 24 ապրիլի նախօրեակին եւ հաւաքուած ենք ոգեկոչելու համար մեր սրբադասեալ նահատակներուն յիշատակը եւ յորդորեց հաւատարիմ մնալ մեր լոյս հաւատքին, Սուրբ նահատակաց կտակին` ապրելով հայօրէն, սիրելով հայրենիքը, հայոց լեզուն ու մշակոյթը, ըլլալով պահանջատէր:
Առաջնորդ սրբազան հօր թելադրութեամբ, 8-րդ կարգի աշակերտներէն Շանթ Քութնուեանը եւ Սելին Հէմէլեանը իրենց զգացումները արտայայտեցին օրուան խորհուրդին մասին: Անոնք խօսեցան մեր պահանջատիրական պայքարին եւ միակամ ոգիով հաւատարիմ մնալու մեր հաւատքին, հայրենիքին եւ ազգային արժէքներուն մասին:
Ապա աւարտականի 8-րդ կարգի աշակերտները ուղղուեցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահ` ստանալու համար սրբազան հօր օրհնութիւնը իրենց Հայաստան ուխտագնացութեան նախօրեակին: Աշակերտները ելոյթ ունեցան պարով, երգով եւ ասմունքով:
Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ մենք բախտաւոր ազգի մը զաւակներն ենք, որովհետեւ Աստուած ի՛նք էջք կատարած է Հայաստան աշխարհ եւ ոսկէ մուրճով ամրագրած առաջին եկեղեցւոյ կառուցման վայրը: Ան գնահատեց աշակերտներուն ելոյթները` յիշեցնելով, որ մեր ուխտերը չեն վերանորոգուիր, եթէ մեր ուխտը Աստուծոյ հանդէպ չնորոգենք:
Մեկնումի պահուն աշակերտները ստացան յուշանուէրներ:
Յայտնենք, որ նախքան քայլարշաւը` վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդութեան վերածուած ծառատնկումի եւ մոմավառութեան արարողութիւնը:
Եթովպիա
Զոհրապ Մնացականեանի Հանդիպումը` Եթովպիոյ Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ
4 ապրիլին պաշտօնական այցելութեամբ Ատիս-Ապապա գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը հանդիպում ունեցաւ եթովպահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Այս մասին հաղորդեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ ծառայութենէն:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` նախարար Մնացականեանը ընդգծեց հայկական համայնքին կարեւորութիւնը Եթովպիոյ հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ եւ կամրջող դերակատարութիւնը` երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ: Մնացականեանը բարձր գնահատեց եթովպահայ փոքր, բայց աշխուժ համայնքին դերը ազգային ինքնութեան պահպանման գործին մէջ` նշելով մայր հայրենիքի հետ փոխյարաբերութեան եւ կապերու աշխուժացման կարեւորութիւնը:
«Այցի ողջ ընթացքում մենք զգացինք, թէ որքա՛ն խորը յարգանք կայ հայերի հանդէպ այս երկրում: Մենք մի ժողովուրդ ենք, որը միշտ կարողացել է ամուր կանգնել ոտքի, ստեղծել հարստութիւն իր համար, իր համայնքների համար: Դուք փաստում էք դա: Եւ այն ինքնավստահութիւնը, որ մենք ունենք մեր երկրի հանդէպ, գալիս է իւրաքանչիւր հայից, որը տեղում ստեղծում է այն, ինչը կոչւում է հայի հեղինակութիւն: Ես ձեզ շնորհակալ եմ, որ դուք այդ ինքնավստահութիւնը ներդրել էք այստեղ` այս երկրում: Մենք առաւել քան վճռական ենք կամրջելու մեր երկրները: Եթովպիայում Հայաստանի առաջին դեսպանները դուք էք: Եւ ես եւս մէկ անգամ ձեզ շնորհակալութիւն եմ յայտնում»:
Մնացականեան եթովպահայ համայնքի ուշադրութեան յանձնեց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները եւ կառավարութեան զարգացման ծրագիրը, որ միտուած է նորարարութեան, բարձր արհեստագիտութիւններու եւ ստեղծագործ կրթութեան ոլորտներու զարգացման հիման վրայ տնտեսութեան խթանումը:
Անդրադառնալով Հայաստանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն` նախարարը ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ Հայաստանի մօտեցումները եւ սկզբունքային դիրքորոշումը:
Նշենք, որ նախքան Եթովպիոյ հայ համայնքին հետ հանդիպումը` նախարար Մնացականեանը այցելեց Ատիս Ապապայի մէջ գտնուող Ս. Գէորգ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին:
Վրաստան
Ժողովրդական Թատրոնի Անդրանիկ Ելոյթը Նուիրուեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակին
3 ապրիլին Պաթումի երաժշտական թատրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վիրահայոց թեմի Պաթումի «Ալ. Մանթաշեանց կեդրոն»-ի ժողովրդական թատրոնի «Քէֆ ընողին քէֆ չի պակսիր» ներկայացման անդրանիկ ելոյթը` ղեկավարութեամբ հայոց լեզուի ուսուցչուհի Սաթենիկ Դանիէլեանի: Ներկայացումը նուիրուած էր Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակին: Ներկայացման իրենց մասնակցութիւնը բերին 13 սիրողական դերասաններ` 5 երաժիշտ եւ 2 մարզիկ, արհեստաւորներ, հասարակութեան տարբեր բնագաւառներու անդամներ, որոնք մեծ նուիրումով եւ բարձր խանդավառութեամբ մարմնաւորեցին իրենց ստանձնած դերերը:
Աւարտին գնահատական խօսքերով հանդէս եկան Պաթումի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Եղիշէ Սարգիսեանը, Աճարիոյ հայութեան հովիւ Արարատ քհնյ. Գումբալեանը, որոնք շեշտեցին թատրոնին դերն ու նշանակութիւնը` հասարակութեան ձեւաւորման գործին մէջ, նաեւ կարեւոր նկատեցին պաթումահայերուն միասնութիւնը:
Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանը փոխանցեց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հայրական օրհնութիւնը եւ բարեմաղթութիւնը Աճարիոյ հայութեան` գնահատելով անոնց նուիրումը եկեղեցւոյ:
Սրբազանը անդրադարձաւ Պաթումի «Ալ. Մանթաշեանց կեդրոն»-ի գործունէութեան, որ իր նախակրթարանով, կիրակնօրեայ դպրոցով, ստեղծագործական խմբակներով դարձած է հայութեան ազգային կեդրոնը: Ան արժեւորեց ժողովրդական թատրոնի ստեղծումը, որ նոր խթան է եկեղեցւոյ շուրջ պաթումահայութեան համախմբման ուղղութեամբ եւ թեմի պատուոյ գիրը յանձնեց Սաթենիկ Դանիէլեանին` անոր կատարած մեծ աշխատանքին համար:
Արժանթին
Արժանթինեան Քոլեճի Մէջ Հայկական Մշակոյթը Կը Դասաւանդուի` Որպէս Ուսումնական Առարկայ
Նախաձեռնութեամբ արժանթինաբնակ երաժիշտ Գագիկ Գասպարեանի, Քորտոպայի Երաժշտական կրթութեան ուսումնասիրութեան քոլեճին մէջ, ուր հայ ուսանողներ ընդհանրապէս չեն ուսանիր, հայ մշակոյթը (երաժշտութիւն, ազգային փողային նուագարաններ, հայ երաժշտութեան պատմութիւն) պաշտօնապէս ընդունուած է` իբրեւ ուսումնական առարկայ:
Գագիկ Գասպարեանը յայտնեց, որ ջանք չէ խնայած իր այս գաղափարը կեանքի կոչելու համար, որ կը համարէ հայ ժողովուրդին ձեռքբերումը եւ սոյն կարեւոր յաղթանակը կը նուիրէ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին: Ան հաստատեց, որ Կոմիտասի երազն էր աշխարհին ծանօթացնել հայ մշակոյթը, որպէսզի օտարները հայկական մշակոյթով ճանչնան հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը, աւելցնելով, որ ներկայիս անոր երազը իրականացնելու ճամբուն վրայ ենք: Գասպարեանը ըսաւ, որ քոլեճին պաշտօնական փաստաթուղթը յանձնուած է իրեն, եւ 1 ապրիլին արդէն իսկ տեղի ունեցած է առաջին դասախօսութիւնը:
Գասպարեանը ընդգծեց, որ օտարազգի ուսանողները սորվելէ եւ ուսումնասիրելէ ետք, հետագային պիտի դառնան աշխարհի մէջ հայկական մշակոյթը տարածողները:
Հնդկաստան
Հնդկաստանի Մէջ Վերականգնուեցաւ 300 Տարեկան Հայկական Ցուցանակ Մը
Վերջերս Հնդկաստանի Սայտապետ քաղաքին մէջ վերականգնուեցաւ 300 տարուան հայկական ցուցանակ մը, որ կը յիշատակէ 1726-ի Մարմալոնկ կամուրջին կառուցումը Այտար գետին վրայ` հայ վաճառական, Մատրասի մէջ հայ համայնքի առաջնորդ խոճա Պետրոս Ոսկանի կողմէ. անիկա յայտնուած էր գետնին տակ: Սակայն այժմ, Հայաստանի հիւպատոսարանը, քաղաքի ղեկավարութեան հետ միատեղ, կրցաւ վերականգնել զայն:
Չեննայի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս Շիւկումար Իշվարան յայտնեց, որ փետրուարին 20 հոգինոց խումբ մը այցելեց քաղաք եւ տեսաւ ցուցանակը, որ գրեթէ անցած էր գետնի տակ:
Նախորդ շաբաթ արդէն ցուցանակը վերականգնուեցաւ վերամբարձ կռունկի միջոցով: Կը նշուի, որ ցուցանակի բացման պաշտօնական արարողութիւնը պիտի կատարուի մայիսին տեղի ունենալիք ընտրութիւններէն ետք: