Փարիզի, ինչպէս նաեւ ամբողջ աշխարհի քրիստոնէական խորհրդանիշներէն եւ ճարտարապետական գլուխ-գործոցներէն մէկուն` Աստուածամօր տաճարին մէջ պատահած հրդեհին համար, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:
«Փարիզի Աստուածամօր տաճարը, ուր պահուող գանձերն ու արուեստի ստեղծագործութիւնները չափազանց արժէքաւոր են, միշտ կանգուն եղած է` վեհօրէն խորհրդանշելով ֆրանսացի ժողովուրդին հարուստ մշակութային ժառանգութիւնը: Իմ կարեկցանքը կը յայտնեմ բարեկամ ֆրանսացիներուն` կիսելով անոնց զգացումները», նշուած է նախագահ Արմէն Սարգսեանի ցաւակցական ուղերձին մէջ: