Թուրքիոյ խորհրդարանի Արտահանէն անկախ երեսփոխան Էօզթուրք Եըլմազ խորհրդարանին մէջ անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին ներկայացուած Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւերուն:
«Միացեալ Նահանգներու ղեկավար կազմի որոշ շրջանակներ, օգտուելով Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ «Էս-400»-ներու հարցով լարուածութենէն, կ՛ուզեն ապրիլ 24-ին նշուող այսպէս կոչուած ցեղասպանութիւնը մտցնել Թուրքիոյ օրակարգ: Անհրաժեշտ է, որ կառավարութեան կողմէ միջոցներ ձեռնարկուին եւ ամէն գնով կանխարգիլուին այս օրինագիծերը», Եըլմազի խօսքերը կը մէջբերէ «Հապերլեր» կայքը:
Ան յիշատակած է վերջերս Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթով քայլերը եւ նշած, որ նոյն օրինագիծը ներկայացուած էր նաեւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին, սակայն յաջողուած է քանի մը անգամ կանխարգիլել զայն: «Այս տարի վիճակը աւելի լուրջ է: «Էս-400»-ներու, Սուրիոյ եւ կիւլենականներու նիւթերով Միացեալ Նահանգներու հետ տարակարծութիւններ կան: Քոնկրեսին մէջ հակաթուրք մթնոլորտ կը տիրէ», նշած է Եըլմազ եւ յայտնած, որ Թուրքիոյ տեսանկիւնէն հայ ժողովուրդը բարեկամ ժողովուրդ է: