ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Ձեր քննութիւնները յաջողութեամբ պիտի աւարտէք եւ արձանագրէք մեծ յաջողութիւն մը: Բախտաւոր շրջան մը պիտի ըլլայ ձեզի եւ ձեր ընտանիքին համար:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Կացութիւնը պէտք է հանդարտեցնէք: Ուշադիր եղէք, որ ձեր յարաբերութիւններու մէջ թերացում չարձանագրէք: Զգուշ եղէք` ձեր խօսած ամէն մէկ բառին ու կեցուածքին, որ կ՛որդեգրէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ձեր պարտականութիւններուն մէջ մի՛ թերանաք: Կացութիւնը այնքան ալ յուսադրիչ չէ: Ամէն կողմէ ձեր վրան կը ծանրանան պատասխանատուութիւններ եւ ճնշումներ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Դժուար կացութեան մը դիմաց կը գտնուիք: Զգուշ եղէք եւ իմաստուն: Հեռու մնացէք վատ արտայայտութիւններէն: Առողջական գետնի վրայ հարցեր պիտի ունենաք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Մինակ մի՛ մնաք: Պիտի ուրախանաք ընկերակցութեան մը համար: Լուծումներ առաջարկեցէք, որպէսզի կարենաք լուծել ձեր ընկերութեան դիմաց ծառացած դժուարութիւնները:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Զօրաւոր բախտ պիտի ունենաք այս օրերուն: Ոչ ոք կրնայ ձեզ գերազանցել: Ձեր հին էջերը ծալեցէք: Կրկին ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ, եւ նոր զարգացումներ պիտի ունենաք այս շրջանին:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Այս օրերուն վատ արտայայտութիւններ եւ անտեղի ու վիրաւորական խօսքեր մի՛ ուղղէք շուրջիններուն: Նիւթական եւ առողջական խնդիրներ պիտի ունենաք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ձեր ստացած նոր լուրին հիման վրայ նոր ուղղութիւն պիտի որդեգրէք ձեր կեանքին մէջ: Ինքնավստահ էք: Աշխատեցէք պայմանները վերադարձնել իրենց բնական հունին:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Զգուշութեամբ տնօրինեցէք ձեր նիւթական պարտաւորութիւնները: Մի՛ կորսնցնէք առիթները: Մտային ձեր կարողութիւնները գործածեցէք վիճաբանութիւններէ խուսափելու համար:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Կ՛աճապարէք դիտողութիւններ կատարելու: Ընտանեկան պարագայի մը համար պիտի անհանգստանաք: Խուսափեցէք որեւէ վէճէ` հարազատներու կամ սիրելիներու հետ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ծանրաբեռնուած աշխատանք պիտի տանիք: Ձեր պատասխանատուութիւնները եւ պարտաւորութիւնները պիտի բազմանան: Պիտի աշխատիք օգտակար դառնալ ձեր ընկերներէն ոմանց:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Դրական շրջան մըն է ձեզի համար: Շահ մը պիտի ստանաք եւ ուրախանաք: Կարեւոր է, որ կանուխ երթաք աշխատանքի, որպէսզի ուշացում չարձանագրէք ձեր գործին մէջ: