ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Յասմիկ Քէշիշեան-Հատտատ
Տիար Ժաք Հատտատ
Տէր եւ տիկին Սերժ Հատտատ եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ռոպեր Հատտատ եւ զաւակունք
Տիկին Սեդա Զէյիտ եւ զաւակունք
Հատտատ եւ Քէշիշեան ընտանիքներ
Հաննա եւ Ապատեան ընտանիքներ
Աւետիսեան եւ Օղլեան ընտանիքներ
Զէյիտ եւ Ապու Ժաուտէ ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ՀՐԱՉ (ՀԱՏՏԱՏ) ՏԷՄԻՐՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 13 ապրիլ 2019-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 15 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին թաղման արարողութենէն առաջ եւ ետք, ինչպէս նաեւ երեքշաբթի, 16 ապրիլին կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
————————————–
ՅԻՇԱՏԱԿ ՏԱՍՆ ԿՈՒՍԱՆԱՑ
Աւագ երեքշաբթի, 16 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Տասը կուսանացի արարողութիւնը, որուն պիտի նախագահէ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` հաղորդակից դառնալու սոյն հոգեպարար արարողութեան:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————–
ՏՕՆ ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ
ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ս. Զատկուան տօնին առիթով սուրբ պատարագ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի, 21 ապրիլ 2019-ին
Կը պատարագէ եւ իր հայրական պատգամը կ՛ուղղէ
Լիբանանի Հայոց առաջնորդ
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Սկիզբ ժամերգութեան` | ժամը 7:30-ին |
Սուրբ պատարագ` | ժամը 9:30-ին |
Քարոզ` | ժամը 10:30-ին |
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` մասնակելու սրբազան արարողութեանց եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
– – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – –
Ս. ԶԱՏԻԿԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Սուրբ պատարագի աւարտին, առաջնորդ սրբազան հայրը Ս. Զատիկի շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունի Պէյրութի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00:
Ապա, կէսօրէ ետք, շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունուին Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ, յետմիջօրէի ժամը 4:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
————————————–
ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹԸ ԵՒ Ս. ԶԱՏԻԿԸ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
(14-ԷՆ 21 ԱՊՐԻԼ 2019)
Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներուն մէջ, Ծաղկազարդի, Աւագ շաբթուան եւ Ս. Զատկուան եկեղեցական գլխաւոր արարողութիւնները հետեւեալ ժամանակացոյցին համաձայն տեղի պիտի ունենան.
1.- Աւագ երեքշաբթի, 16 ապրիլ, ՏԱՍԸ ԿՈՅՍԵՐ, ժամերգութիւն, երեկոյեան ժամը 5:00-ին
2.- Աւագ հինգշաբթի, 18 ապրիլ, ՈՏՆԼՈՒԱՅ, երեկոյեան ժամը 5:00-ին
3.- Աւագ հինգշաբթի, 18 ապրիլ, ԽԱՒԱՐՄԱՆ ԳԻՇԵՐ, երեկոյեան ժամը 9:00-ին
4.- Աւագ ուրբաթ, 19 ապրիլ, ԹԱՂՈՒՄՆ ՏԵԱՌՆ, երեկոյեան ժամը 5:00-ին
5.- Աւագ շաբաթ, 20 ապրիլ, ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ, երեկոյեան ժամը 5:00-ին
6.- Կիրակի, 21 ապրիլ, ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՏԵԱՌՆ, սուրբ պատարագ, առաւօտեան ժամը 9:30
ԱՌԱՋՆՈՐԴ` ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ պիտի հանդիսապետէ հետեւեալ եկեղեցական արարողութիւններուն եւ իր հայրական պատգամը ուղղէ.
ՏԱՍԸ ԿՈՅՍԵՐ, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի
ՈՏՆԼՈՒԱՅ, Ս. Սարգիս եկեղեցի
ԽԱՒԱՐՄԱՆ ԳԻՇԵՐ, Ս. Աստուածածին եկեղեցի
ԹԱՂՈՒՄՆ ՏԵԱՌՆ, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի
ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ, Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՏԵԱՌՆ, Ս. Նշան Մայր եկեղեցի
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
————————————-
«ՃԻՆԻՇԵԱՆ» ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿ
ՀԻՒԱՆԴԱՊԱՀՈՒՀԻԻ ԿԱՄ ԴԵՂԱԳՈՐԾԻ ԿԱՐԻՔ
«Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի Լիբանանի Ընկերային եւ առողջապահական բարգաւաճման կեդրոնը կարիքը ունի մասնակի ժամանակով երիտասարդ եւ համալսարանաւարտ հիւանդապահուհիի կամ դեղագործի մը:
Հետաքրքրուած` հանրային բարօրութեան ծրագիրներով եւ դիւրահաղորդ:
Անգլերէնի, արաբերէնի ու հայերէնի իմացութիւնը անհրաժեշտ է:
Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի ներկայացնել «Սի. Վի.»-ն անգլերէնով եւ ե-նամակով ղրկել [email protected] հասցէին:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
————————————–
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Մար Եուսեֆ հիւանդանոցի շրջան, 2 սենեակ եւ յարակից մասեր, Ա. յարկ: Դիմել` հեռ. 03-896964:
————————————–
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՈՒՐԲԱԹ, 3 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
8 ՄԱՅԻՍ 2019
ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՉԽԱՉԱՁԵՒԵԼ
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՊԵՐԵՃԻԿԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՕԺԱՆԴԱԿ ՄԱՐՄԻՆ
BRUNCH
9 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՌՈՒԲԷՆ» ԿՈՄԻՏԷԻ
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՈՒՐԲԱԹ, 10 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՌՈՒԲԷՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
ՇԱԲԱԹ, 11 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ
ՏԱՐԵԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ
ՇԱԲԱԹ, 18 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ԾԱՂԿԱՁՈՐԻ ՓԱՌԱՏՕՆ 2019
8 ԵՒ 9 ՅՈՒՆԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ