ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
ԵՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԹԱՓՕՐ
Կիրակի, 14 ապրիլ 2019-ին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի պատարագէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԿՈՄԻՏԱՍ ԱՐՔ. ՕՀԱՆԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:30-ին
Սկիզբ Ս. պատարագի` ժամը 10:30-ին
Մանուկներու թափօր` ժամը 11:00-ին
Ծաղկազարդի տօնին առիթով, մայրավանքի շրջափակին մէջ հաւաքուած հայ մանուկներուն ու պատանիներուն իր հայրական խօսքը պիտի ուղղէ եւ ապա վեհարանին մէջ զիրենք պիտի ընդունի`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ
ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Նոյն օրը կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Դռնբացէքի արարողութիւն, նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Պիտի քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԿՈՄԻՏԱՍ ԱՐՔ. ՕՀԱՆԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու առաւօտեան մատուցուելիք Ս. եւ անմահ պատարագին, մանուկներու թափօրին եւ յետմիջօրէի Դռնբացէքի արարողութեան, լեցուելու համար Քրիստոսի գալստեան խորհուրդով:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
————————————–
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ`
ՃԻՒՆԻԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Այսու կու գանք յայտարարելու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ կիրակի, 14 ապրիլ 2019-ը կը զուգադիպի Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին` Ծաղկազարդի տօնին:
Տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ: Պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` | ժամը 8:00-ին |
Պատարագ` | ժամը 9:30-ին |
Քարոզ` | ժամը 11:00-ին |
Մանուկներու Ծաղկազարդի թափօր | ժամը 11:30-ին |
Դռնբացէք
Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Դռնբացէքի արարողութիւն:
Հրաւիրուած է հաւատացեալ ժողովուրդը:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՃԻՒՆԻԻ,
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ, ԶԱԼՔԱՅԻ ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅԻՑ
Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————–
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ, ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹԸ ԵՒ Ս. ԶԱՏԻԿԸ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
(14-ԷՆ 21 ԱՊՐԻԼ 2019)
Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներուն մէջ, Ծաղկազարդի, Աւագ շաբթուան եւ Ս. Զատկուան եկեղեցական գլխաւոր արարողութիւնները հետեւեալ ժամանակացոյցին համաձայն տեղի պիտի ունենան.
1.- Կիրակի, 14 ապրիլ, ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ, սուրբ պատարագ, առաւօտեան ժամը 9:30-ին
2.- Կիրակի, 14 ապրիլ, ԴՌՆԲԱՑԷՔ, երեկոյեան ժամը 5:00 -ին
3.- Աւագ երեքշաբթի, 16 ապրիլ, ՏԱՍԸ ԿՈՅՍԵՐ, ժամերգութիւն, երեկոյեան ժամը 5:00-ին\
4.- Աւագ հինգշաբթի, 18 ապրիլ, ՈՏՆԼՈՒԱՅ, երեկոյեան ժամը 5:00-ին
5.- Աւագ հինգշաբթի, 18 ապրիլ, ԽԱՒԱՐՄԱՆ ԳԻՇԵՐ, երեկոյեան ժամը 9:00-ին
6.- Աւագ ուրբաթ, 19 ապրիլ, ԹԱՂՈՒՄՆ ՏԵԱՌՆ, երեկոյեան ժամը 5:00-ին
7.- Աւագ շաբաթ, 20 ապրիլ, ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ, երեկոյեան ժամը 5:00-ին
8.- Կիրակի, 21 ապրիլ, ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՏԵԱՌՆ, սուրբ պատարագ, առաւօտեան ժամը 9:30
ԱՌԱՋՆՈՐԴ` ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ պիտի հանդիսապետէ հետեւեալ եկեղեցական արարողութիւններուն եւ իր հայրական պատգամը ուղղէ.
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ եւ ԴՌՆԲԱՑԷՔ, Ս. Յարութիւն եկեղեցի (Ճիւնի)
ՏԱՍԸ ԿՈՅՍԵՐ, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի
ՈՏՆԼՈՒԱՅ, Ս. Սարգիս եկեղեցի
ԽԱՒԱՐՄԱՆ ԳԻՇԵՐ, Ս. Աստուածածին եկեղեցի
ԹԱՂՈՒՄՆ ՏԵԱՌՆ, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի
ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ, Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՏԵԱՌՆ, Ս. Նշան Մայր եկեղեցի
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
————————————-
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ ԵՒ ԴՌՆԲԱՑԷՔ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ուրախութեամբ կու գանք յայտնելու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ կիրակի, 14 ապրիլ 2019-ին կը զուգադիպի Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքը` Ծաղկազարդի տօնը:
Այս առիթով Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ, օրուան պատգամը փոխանցէ եւ մանուկներու թափօրը նախագահէ`
ԳԵՐՊ. Տ. ԱՆԱՆԻԱ Ծ. ՎՐԴ. ԳՈՒՃԱՆԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 7:30-ին
Սուրբ պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Մանուկներու թափօր` ժամը 12:00-ին
ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Նոյն օրը, յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, տեղի պիտի ունենայ դռնբացէքի արարողութիւնը, դարձեալ նախագահութեամբ`
ԳԵՐՊ. Տ. ԱՆԱՆԻԱ Ծ. ՎՐԴ. ԳՈՒՃԱՆԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սուրբ եւ անմահ պատարագին եւ դռնբացէքի արարողութեան, հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————–
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
ԵՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԹԱՓՕՐ
Կիրակի, 14 ապրիլ 2019-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ծաղկազարդի տօնին առիթով պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՊ. Տ. ՎԱՂԻՆԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:00-ին
Ս. պատարագ` ժամը 10:00-ին
Թափօր` ժամը 11:30-ին
ԴՌՆԲԱՑԷՔ
Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ Դռնբացէքի արարողութիւն:
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————–
«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»
«ՃԻՇԴ ՀՆՉԵՆՔ»
Հովանաւորութեամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան, «Վանայ Ձայն»-էն ունկնդրեցէ՛ք «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրը` կիրակի, 14 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին:
7-րդ դասարանէն 2-րդ փուլ անցած են 8 աշակերտներ.
- Հրակ Թաթեան (Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ)
- Թիա-Մարիա Կարապետեան (Ս. Խաչ-Հարպոյեան)
- Ղազար Մեսճեան (Հայ Աւետարանական քոլեճ)
- Ալիք Թէմպէլեան (Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան)
- Լէոնարտօ Խայաթ (Ազգային Միացեալ վարժարան)
- Մարք Կիւլկիւլեան (Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան)
- Սէրլի Ինճէեան (Մխիթարեան վարժարան)
- Արենի Այնթապլեան (Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան)
Յայտագիրը կը պատրաստէ եւ կը ներկայացնէ ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ
————————————–
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ՅՈՒՇԵՐ ԿԱԼԻՓՈԼԻԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԷՆ»
Հեղինակ` ԱՐՄԷՆ ՏԱՏԵԱՆ
Տպագրութիւն` «Բակլայեան» հաստատութեան
Պէյրութ, 2019
—-
«ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ ԵԴԵՍԻՈՅ ԱՐԻՒՆՈՏ ՋԱՐԴԵՐԷՆ»
(Վերահրատարակութիւն)
Գրեց` ԳՐԻԳՈՐԻՍ ԳԱՊՊԷՆՃԵԱՆ
Առաջին հրատարակութիւն`
«Նշան Պապիկեան» տպարանի, Կ. Պոլիս, 1909
————————————–
«ՃԻՆԻՇԵԱՆ» ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿ
ՀԻՒԱՆԴԱՊԱՀՈՒՀԻԻ ԿԱՄ ԴԵՂԱԳՈՐԾԻ ԿԱՐԻՔ
«Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի Լիբանանի Ընկերային եւ առողջապահական բարգաւաճման կեդրոնը կարիքը ունի մասնակի ժամանակով երիտասարդ եւ համալսարանաւարտ հիւանդապահուհիի կամ դեղագործի մը:
Հետաքրքրուած` հանրային բարօրութեան ծրագիրներով եւ դիւրահաղորդ:
Անգլերէնի, արաբերէնի ու հայերէնի իմացութիւնը անհրաժեշտ է:
Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի ներկայացնել «Սի. Վի.»-ն անգլերէնով եւ ե-նամակով ղրկել [email protected] հասցէին:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
————————————–
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Մար Եուսեֆ հիւանդանոցի շրջան, 2 սենեակ եւ յարակից մասեր, Ա. յարկ: Դիմել` հեռ. 03-896964:
————————————–
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՈՒՐԲԱԹ, 3 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
8 ՄԱՅԻՍ 2019
ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՉԽԱՉԱՁԵՒԵԼ
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՊԵՐԵՃԻԿԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՕԺԱՆԴԱԿ ՄԱՐՄԻՆ
BRUNCH
9 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՌՈՒԲԷՆ» ԿՈՄԻՏԷԻ
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՈՒՐԲԱԹ, 10 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՌՈՒԲԷՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
ՇԱԲԱԹ, 11 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ
ՏԱՐԵԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ
ՇԱԲԱԹ, 18 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ԾԱՂԿԱՁՈՐԻ ՓԱՌԱՏՕՆ 2019
1 ԵՒ 2 ՅՈՒՆԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ