14 ապրիլին կը լրանայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի մահուան 27-րդ տարին:
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Արթուր Մկրտչեանի յիշատակին անոր շիրիմը այցելած եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցած են ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Արթուր Մկրտչեան» կոմիտէութեան անդամները, Արթուր Մկրտչեանի հարազատները:
Արթուր Մկրտչեան Արցախը ղեկավարած է ընդամէնը 97 օր, սակայն իր քաղաքական ու մարդկային բացառիկ յատկանիշներուն շնորհիւ ան անջնջելի հետք ձգած է Արցախի նորագոյն պատմութեան մէջ: