Սէուտական «Ուաս» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ անցեալ երկուշաբթի օր Ռիատի մէջ լրատուամիջոցներու կողմէ «Արաբական ՕԹԱՆ» անունով ծանօթ «Միջին Արեւելքի ռազմավարական դաշինք»-ի մեկնարկի հարցով գումարուած է Արաբ-ամերիկեան ժողով մը, որուն մասնակցած է նաեւ Քաթարը:
Ժողովը գումարուած է Սէուտական Արաբիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Պահրէյնի, Քուէյթի, Օմանի, Քաթարի եւ Յորդանանի բարձր մակարդակի մասնակցութեամբ:
Սէուտական լրատու գործակալութիւնը կ՛ընդգծէ, որ ժողովը «կարեւոր քայլ մը կը նկատուի` շրջանին ու աշխարհի վրայ անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդման նպատակը հետապնդող այդ դաշինքի մեկնարկի քայլերու ծիրին մէջ»:
Նշենք, որ դաշինքի կազմութիւնը արդիւնքներէն մէկն է մայիս 2017-ին Ռիատի մէջ գումարուած Իսլամական-ամերիկեան վեհաժողովին:
Միւս կողմէ, Սպիտակ տունը երէկ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հեռաձայնային «շինիչ» հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին հետ:
«Երկու կողմերը քննարկեցին Միջին Արեւելքի կայունութեան մէջ Սէուտական Արաբիոյ ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը, Իրանի վրայ ճնշումի բանեցման մէջ անոր դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւանց հարցերու կարեւորութիւնը», նշեց Սպիտակ տունը: