ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Մեծ ճնշում պիտի զգաք ձեր գործին մէջ` ձեր ուսերուն դրուած պատասխանատուութեան պատճառով: Մեծ ներուժ ունիք, բայց աշխատեցէք կարգապահ ըլլալ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ձեր եռանդը եւ աշխուժութիւնը մեծ ազդեցութիւն պիտի ձգեն ձեր շրջապատին մէջ: Լուսարձակները ձեր արձանագրած յաջողութեան վրայ պիտի կեդրոնանան: Պատրաստ եղէք ամէն անակնկալի:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Դրական եւ քաջալերական շրջան մը պիտի ապրիք: Աշխատեցէք աւարտել ձեր գործերը ճիշդ ժամանակին: Ձեր պարտք վերցուցած գումարները վճարեցէք, որպէսզի չդիզուին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր առաջնահերթութիւնները ճշդեցէք: Դիմադրեցէք յոգնութեան եւ պիտի յաղթահարէք ձեր բոլոր դժուարութիւնները: Մի՛ գանգատիք եւ մի՛ թերանաք ձեր պարտաւորութիւննեուն մէջ:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Երեւոյթները պիտի դժուարանան եւ բարդանան: Տագնապալից շրջան մըն է: Արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք: Ձեր ընտանեկան հարցերը լուծեցէք եւ ժամանակ տրամադրեցէք ձեր ընտանիքի անդամներուն:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ձեր պարտականութիւնները պիտի շատնան, բայց դրական շրջան մըն է: Յաջողութիւն եւ յաղթանակ մը պիտի արձանագրէք: Ձեր աշխատանքի ցուցակին վրայ փոփոխութիւններ մտցուցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Հանդարտ մնացէք եւ ձեր ջիղերուն տէր եղէք: Մի՛ մեղադրէք ձեր սիրելիները: Ընտանեկան եւ տնային պարտականութիւններով պիտի զբաղիք: Ձեր ընտանիքի անդամներէն մէկուն հարցով պիտի մտահոգուիք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ձեր ընկերային յարաբերութիւնները պիտի զարգանան այս օրերուն: Քննութեան շրջան մըն է ձեզի համար, պատրաստ եղէք: Ենթարկուեցէք ձեր ընկերութեան օրէնքներուն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Նիւթական հարց մը պիտի քննարկէք: Առեւտրական ծրագիրի մը գործադրութեան պիտի մասնակցիք: Հոգ տարէք ձեր արհեստի եւ ուսման պարագաներուն: Մի՛ վստահիք միայն բախտին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր բախտը եւ տրամադրութիւնը բարձր պիտի ըլլան այս օրերուն: Դիւրաւ պիտի տաք ձեր որոշումները: Պայմանները ի շահ ձեզի պիտի փոխուին:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Պիտի վերագտնէք ձեր աշխուժութիւնը: Վերատեսութեան պիտի ենթարկէք ձեր կարգ մը որոշումները: Ձեր նայուածքը պիտի փոխուի կարգ մը հարցերու հանդէպ: Աշխուժ օրերէն մէկն է:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Նոր հարցեր եւ վիճաբանութիւններ պիտի ծագին: Ձեր տրամադրութիւնը պիտի փոխուի: Կրնաք աւելի լաւ արդիւնք տալ, պայմանաւ որ ըլլաք հանդարտ ու համբերող: