Նոթեր Ու Նետեր
Քուէարկուներ
Թաղապետական քուէարկութիւններ կան Ֆրանսայի մէջ:
Տեղ մը կ՛ըսեն.
– Մինչեւ հիմակ ձախին տուինք մեր քուէները ու չտեսանք ոչ մէկ բարեփոխութիւն: Ձախերը մեզի ոսկեզօծ դեղահատներ կլլեցուցին մէյ մէկ գաւաթ ջուրով: Չարաչար յուսախաբ ըրին մեզ: Այս անգամ աջը փորձենք: Տեսնենք, թէ ի՞նչ կ՛ըլլայ արդիւնքը: Ձախին ձախորդութենէն կշտացած ենք: Օ՛ն, դէպի աջ:
* * *
Ուրիշ տեղ մը կ՛ըսեն.
– Ցարդ մեր քուէները տուինք աջերուն: Նախ մեծամեծ խոստումներ, ապա ալ աւելի մեծամեծ ոստումներ ըրին: Խաբուեցանք: Այս անգամ փորձենք ձախերը` մեր քուէները անոնց տալով: Յաջողութիւնը աջէն չեկաւ, թերեւս ձախէն գայ:
* * *
Երրորդ տեղ մը կ՛ըսուի.
– Աջերն ալ փորձեցինք, ձախերն ալ: Տխմարութիւն կ՛ըլլայ փորձուածներէն մէկը կամ միւսը կրկին փորձելը: Կեդրոնն է նախընտրելի: Կեդրոնի մարդիկը չափաւոր կ՛ըլլան: Անոնց խաբեբայութիւններն ալ չափաւոր կ՛ըլլան: Անգամ մըն ալ կեդրոնը փորձենք: Անոնք` կեդրոնի մարդիկը, մասամբ աջ ու մասամբ ձախ են: Երկուքին թերութիւններէն մէյ մէկ քիչ միայն ունին:
* * *
Չորրորդ տեղ մը կ՛ըսուի.
– Այսուհետեւ մենք մեր քուէները չենք տար ո՛չ աջերուն, ո՛չ կեդրոնականներուն, ո՛չ ալ ձախերուն: Ամէնքն ալ, առաւել կամ նուազ, խոստացող խաբեբաներն են: Մենք մեր քուէները պէտք է տանք ոչ թէ խոստացողներուն, այլ` սպառնացողներուն:
– Բայց ի՞նչպէս պիտի կրնանք գտնել սպառնացող թեկնածուներ: Ո՞ր ապուշը կը ներկայանայ թեկնածու` սպառնալով:
– Եթէ չգտնուի սպառնացող, մենք ալ չենք քուէարկեր: Ա՛լ չենք մասնակցիր ընտրական կատակերգութեան:
* * *
– Ընկե՛ր Ժան, դուն որո՞ւ պիտի տաս քուէդ:
– Ես իմ բոլոր քուէներս յանձնած եմ Աստուծոյ: Միւսները ամէնքն ալ կը մնան անվստահելի:
– Բայց ըսածդ նախատինք է Աստուծոյ դէմ: Աստուած թաղապետ ըլլալու չէ: Աստուած տիեզերապետ է:
– Թող Աստուած կառավարէ ամէն ինչ: Թող Ինք տիրէ ամէն բանի վրայ: Ես կ՛աղօթեմ. «Ո՜վ Տէր, եկեսցէ արքայութիւն Քո»: Մարդիկ արժանի չեն ո՛չ տիրելու, ո՛չ կառավարելու:
– Ատ ալ ճիշդ է:
– Իսկ դուն որո՞ւ պիտի տաս քու քուէդ:
– Ես քուէս պիտի տամ ինքզինքիս: Ես միայն իմ վրաս վստահութիւն ունիմ:
– Ինքզինքիդ ալ շա՛տ մի՛ վստահիր: Միթէ կը ճանչնա՞ս ինքզինքդ` վստահելու համար ինքզինքիդ:
– Ճիշդ է, որ պէտք եղածին չափ չեմ ճանչնար ինքզինքս: Ես զիս բարի կը կարծեմ, բայց վստահաբար կարծածէս շատ աւելի բարի եմ, այսինքն բարեբարի եմ ու կրնամ խոստացածիս քառապատիկը ընել եւ խանգարել թաղային պիւտճէն:
– Իսկ եթէ կարծածիդ պէս բարի չես, այլ, ընդհակառակն, անողորմ ըլլալու աստիճան չար ես:
– Այդ պարագային կը սպաննեմ ինքզինքս:
– Ուրեմն զգուշացիր ինքզինքիդ քուէ տալէ:
– Ճիշդ է: Ինչո՞ւ ողջ գլուխս փորձանքի ենթարկեմ: Քուէս քեզի կու տամ:
– Բայց զիս ալ չես ճանչնար:
– Քուէս քեզի տալով` քեզ կը ճանչնամ:
* * *
– Դուն քուէդ որո՞ւ պիտի տաս, Ռոպե՛ր:
– Անկուսակցականի մը:
– Բայց անկուսակցական մը չի կրնար ընտրուիլ, քանի որ ընտրող չունի:
– Բայց անոնք են մեծամասնութիւնը:
– Այդպէս է եւ այդպէս չէ: Անկուսակցականներէն շատերը համակիր են որեւէ կուսակցութեան մը:
– Համակիր չեղողները կրնան ընտրել անկուսակցական մը:
-Համակիր չեղողները հակակրելի են, իսկ հակակրելիները չեն կրնար յաջողիլ:
– Ես ալ քուէս ծախու կը հանեմ:
– Ահա ատիկա լաւ գաղափար է անկուսակցականի: Ես գնող մը գիտեմ:
– Ի՞նչ կը վճարէ…
– Ապրանքը քուկդ է: Գինը դուն ըսելու ես:
– Ասիկա սովորական, հասարակ ապրանք չէ: Բարձր բան է: Քուէն պատիւ է, պարծանք է: Չընտրուելու պարագային իսկ, բաւականաչափ քուէ ստանալով, պարտութիւնը պատիւ է: Գնողը պէտք է ըսէ, թէ ի՛նչ կը վճարէ:
– Լա՛ւ, լա՛ւ: Իմ բարեկամ թեկնածուն կը վճարէ մէկ քուէին հինգ հազար: Ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս: Սա ալ ըսեմ, որ հինգ հարիւրը ես կ՛առնեմ:
– Ունիմ երկու քուէ: Իմս ու կնոջս: Ուրեմն` տասը հազար:
– Ուրեմն ես կ՛առնեմ հազար:
– Ձայները ես կու տամ, դուն ինչո՞ւ հազար պիտի առնես…
– Դուն ձայն կու տաս` հնչուն փողի փոխարէն: Ես ալ լռութիւն կը պահեմ: Եւ գիտցիր, որ լռութիւն պահելը դժուար բան է, որով լռութիւնը սուղ է: Տակաւին միջնորդչէք չեմ առներ քենէ:
* * *
Ինչպէս կը տեսնուի, ձայներն ու լռութիւններն անգամ ծախու հանուած են:
Աշուղապետ Կրպոն իրաւամբ կ՛երգէ.
– Աշխարհն եղել է շուկայ…
Չծախուելիք բան չըկայ:
ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ
Խորէն Ա.-ի Հանդիսապետութեամբ
Սրբազան Պատարագ
Նիւ Եորքի Հայկական Եկեղեցիին Մէջ
Ներկայ Կ՛ըլլան Քրիստոնէական
Բազմաթիւ Եկեղեցիներու Ներկայացուցիչներ
ՆԻՒ ԵՈՐՔ, 14 (ԱՖՓ).- Կիրակի առաջին անգամ ըլլալով, տիեզերական պատարագ մը մատուցուեցաւ Նիւ Եորքի հայկական եկեղեցիին մէջ:
Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ի ներկայութեան` Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. կաթողիկոսին, Կաթողիկէ եկեղեցիին եւ յոյն-օրթոտոքս, եպիսկոպոսական, մարոնի, հայ-կաթողիկէ ծէսերու, Հայաստանի Բողոքական եկեղեցիներու,: Անտիոքի Սիրիան-օրթոտոքս եկեղեցիներու եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն:
Նախապէս Խորէն Ա. կաթողիկոս մատուցած էր հայկական պատարագը:
Խորէն Ա., որ անցեալ հինգշաբթի ժամանեց Նիւ Եորք, Կիլիկիոյ առաջին կաթողիկոսն է, որ կ՛այցելէ Հիւսիսային Ամերիկա: Երեք ամիս շարունակ շրջապտոյտ մը պիտի կատարէ հիւսիսամերիկեան իր թեմին մէջ, որ 32 եկեղեցի ունի Միացեալ Նահանգներ եւ Քանատա: