Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կատարեց դարձի իր առաջին մրցումը, երբ Սաժես Ժըտէյտէի դաշտին վրայ մրցեցաւ Պէյրութի դէմ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, թէեւ լաւ ներկայացում մը ունեցաւ, բայց աւարտին 8 կէտի տարբերութեամբ` 55-47 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: