Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան եւ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան արձագանգած է Իտալիոյ խորհրդարանի Պատգամաւորներու պալատին կողմէ երկրի կառավարութեան Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչ ուղղող բանաձեւի որդեգրման, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր սահմանելու մասին հրամանագիրի ստորագրման:
«Հայոց ցեղասպանութեան հարցը պէտք է վերցնել Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու խորհրդարաններու օրակարգէն եւ քննարկումի առարկայ դարձնել Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, երկրի, ուր տեղի ունեցած է այդ մեծ ոճրագործութիւնը: Թուրքիոյ հայերը արդարութեան կը սպասեն արդէն 104 տարիէ ի վեր», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Փայլան:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու յայտնեց. «Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ խնդիրներու լուծումը իրենց սահմանը անցնող այլ երկիրներու միջամտութիւններուն ճամբով չ՛ըլլար, այլ` Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ երկխօսութեամբ»: