Սպանիոյ Պուրկոս քաղաքի քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Այս մասին նշուած է Պուրկոսի քաղաքային խորհուրդի «Թուիթըր»-ի էջին վրայ:
«Քաղաքային խորհուրդի բոլոր քաղաքական ուժերը միաձայնութեամբ համաձայնութիւն տուած են Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին միջնորդութեան», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: