«Պզտիկ-Մզտիկ». Ուսուցիչներու Հետ Հանդիպումի Բ. Փուլ
«Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմին հրաւէրով հանդիպում մը որոշուած էր հայկական վարժարաններու նախակրթարանի Դ., Ե. եւ Զ. դասարաններու հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն հետ: Հանդիպման 2-րդ փուլը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 12 ապրիլ 2019-ին, «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ, Հայ աւետարանական քոլեճի, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի եւ Հայ աւետարանական Է. Թորոսեան վարժարանի ուսուցչուհիներուն հետ:
Ինչպէս Ա. փուլին, այս անգամ եւս ներկաները ծանօթացան «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի 15 տարուան աշխատանքներուն եւ իրենց կարգին ներկայացուցին իրենց տեսակէտներն ու առաջարկները:
Հանդիպումը կայացաւ ջերմ եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ:
Share This Article
CATEGORIES Գաղութային