Պաթումի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան 89 քկ դասակարգին մէջ Յակոբ Մկրտչեան հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
2018-ի Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան ոսկիէ մետալակիր, Նանճինկ-2014-ի պատանեկան ողիմպիական խաղերու ախոյեան Յակոբ Մկրտչեան երկամարտի ընթացքին ապահովեց ընդամէնը 371 քկ (Եւրոպայի մրցանիշ) եւ մէկ քկ-ով գերազանցեց 2-րդ դիրքը գրաւած վրացի Ռեւազ Տաւիտածէին:
Նոյն դասակարգին մէջ, 2017-ին Եւրոպայի երիտասարդական փոխախոյեան հանդիսացած Դաւիթ Յովհաննիսեան տիրացաւ պրոնզ մետալին (360 քկ):