Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալեքսանտր Մաթոսեան լիբանանեան ձայնասփիւռի կայանի մը հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ ելեկտրականութեան վերաբերող ծրագիրին վաւերացումը դրական քայլ է, թէկուզ քիչ մը ուշացած ըլլայ: Ան կարեւոր նկատեց անոր գործադրութիւնը` առանց խոչընդոտներ ստեղծելու, որպէսզի կարելի ըլլայ կասեցնել այն կորուստները, զորս կը կրէ լիբանանեան գանձարկղը եւ բնականաբար իր անդրադարձը կ՛ունենայ քաղաքացիներուն եկամուտներուն վրայ:
Ա. Մաթոսեան դիտել տուաւ, որ վերջին շրջանին բազմաթիւ թղթածրարներ իրենց ճիշդ ուղղութեան մէջ կը դրուին` աւելցնելով, որ Հզօր Լիբանան համախմբումի վերջին ժողովին յայտարարուեցաւ, որ ճշմարտութեան ժամը արդէն հասած է, ուստի պէտք է վճռականօրէն շարունակել բարեկարգումները: Ըստ անոր, նման վերաբերում պէտք է ցուցաբերել բոլոր թղթածրարներուն նկատմամբ, յատկապէս` պետական ամավարկի: Երեսփոխանը դիտել տուաւ, որ կարելի չէ կորուստները նուազեցնել, առանց ճշդելու անոնց պատճառները, կասեցնելու մսխումը, որ փտածութեան հիմնական աղբիւրներէն կը նկատուի: