Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ Էլ Տիպ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի 16 տարեկանէն վար տղոց եւ աղջկանց կրտսերներու ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը, ներկայութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի տարիքային ախոյեանութեան յանձնախումբի նախագահ Փաթրիք Լահուտի, այլ պատասխանատուներու եւ մասնակցող ակումբներու ներկայացուցիչներու:
Յայտարարուեցաւ, որ այս ախոյեանութեան պիտի մասնակցին տղոց 50, իսկ աղջկանց 18 խումբեր:
Մրցումներուն յայտագիրը ֆետերասիոնը պիտի հրապարակէ յառաջիկային:
Վիճակաձգութեան զուգահեռ ներկաներուն յատուկ ցուցմունքներ եւ բացատրութիւններ տրուեցան ախոյեանութեան վերաբերեալ: