Խորհրդարանը երէկ գումարեց կառավարութեան հարցապնդումի նիստը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ու կառավարութեան:
Նիստէն ետք Պըրրի ընդունեց վարչապետ Հարիրին, որ կառավարութեան հարցապնդման խորհրդարանի նիստը բաւական առողջ նկատեց` հաստատելով, որ այդ նիստերը միշտ պէտք է գումարուին, որպէսզի ժողովուրդը վկայէ կառավարութեան աշխատանքները, «իսկ խորհրդարանը իրաւունք ունի իմանալու կառավարութեան աշխատանքներուն մասին», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով պետական ամավարկին` վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ պէտք է դժուար որոշումներ տալ` աւելցնելով, որ ինք քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ կը գործակցի, որպէսզի պետական ամավարկին շուրջ համախոհութիւն գոյանայ:
«Մտավախութիւնս այն է, որ Լիբանանն ալ Յունաստանի նման ըլլայ, եւ մենք պիտի չարտօնենք, որ նման բան պատահի, որովհետեւ անմիջապէս պիտի որդեգրենք պէտք եղած քայլերը` երկիրը փրկելու համար տնտեսական այդ հարցէն», ըսաւ ան:
Հարիրի կոչ ուղղեց իրարու նկատմամբ հնչեցուած աւելորդաբանութիւններուն վերջ տալու եւ մտածելու Լիբանանի ելեւմտական եւ տնտեսական շահերուն մասին:
Ան շեշտեց, որ պետական ամավարկին առումով պիտի որդեգրուին որոշումներ, որոնք կրնան քիչ մը խիստ ըլլալ, սակայն մէկ կամ երկու տարի այդ խստութիւնը հանդուրժելէ ետք իրավիճակը բնականոն կը դառնայ:
Ան ընդգծեց, որ պէտք է իրագործել բոլոր բարեկարգումները: «Պետական ամավարկը պիտի դառնայ որոշ քայլերու հաւաքածոյ մը, որ կը ծառայէ լիբանանցի քաղաքացիներու շահերուն», եզրափակեց վարչապետ Հարիրի:
Միւս կողմէ, խորհրդարանը կառավարութեան տուաւ 13 հարցումներ` ելեկտրականութեան, պետական հաստատութիւններուն մէջ պաշտօնի կոչելու, աղբահանումի եւ քաղաքապետարաններու մասին:
Նիստին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ Մազարեհ Շեպաայի եւ Քֆարշուպայի բարձունքներուն վերաբերող իր ամբողջական իրաւունքներուն:
Վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ կառավարութիւնը պետական ամավարկին մէջ որդեգրած է պաշտօնի կոչելու յատուկ կէտերը նուազեցնելու սկզբունքը` աւելցնելով, որ պետական ամավարկը քանի մը շաբաթէն պատրաստ պիտի ըլլայ եւ պիտի ընդգրկէ խիստ որոշումներ ու սեղմումներ:
Վարչապետ Հարիրի հաստատեց, որ Մազարեհ Շեպաայի եւ Քֆարշուպայի բարձունքները լիբանանեան հողեր են` ընդգծելով, որ Լիբանան կ՛ուզէ իր հողերը ազատագրել` կարելի բոլոր միջոցներով:
Նշենք, որ Պըրրի խորհրդարանը օրէնսդրական նիստի մը հրաւիրեց չորեքշաբթի, 17 ապրիլ 2019-ին: