Լիբանանի դէմ տնտեսական եւ ելեւմտական պատժամիջոցներու որդեգրումը կանխարգիլելու նպատակով Միացեալ Նահանգներ այցելող լիբանանեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմեն փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանի եւ երեսփոխաններ Իպրահիմ Քանաան եւ Եասին Ժապեր, երէկ Սպիտակ տան մէջ հանդիպումներ ունեցան Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի եւ արտաքին գործոց նախարարներու, ինչպէս նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր, որոնց կարգին` ելեւմտական եւ տնտեսական թղթածրարներն ու պատժամիջոցները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը:
Հանդիպումէն ետք Հասպանի ընդգծեց լիբանանեան հաստատութիւններուն, յատկապէս դրամատնային հաստատութեան ու բանակին վնաս չհասցնելու կարեւորութիւնը, որովհետեւ անոնք են Լիբանանի ապահովական կայունութեան երաշխիքները:
Իր կարգին, Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի շրջանի փոխնախագահ Ֆարիտ Պալհաժ յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան հետ գործակցութիւն պիտի ծաւալի, եթէ բարեկարգումներ իրականացուին, «սակայն առանց բարեկարգումներու` գործակցութիւնը կարելի չէ», ըսաւ ան:
Պալհաժ ողջունեց ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրի վաւերացումը եւ այդ իմաստով քաղաքական ուժերուն արտայայտութիւնները, «սակայն աւելի կարեւորը այդ ծրագիրին գործադրութիւնն է», աւելցուց ան:
Միւս կողմէ, Ժապեր յայտնեց, որ Ուաշինկթընի մէջ իրենք չեն շօշափած, որ ամերիկեան վարչակազմը կը փափաքի տնտեսական պատժամիջոցներ պարտադրել Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի վրայ:
Երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ լիբանանցի պատասխանատուներու եւ պետական անձնաւորութիւններու դէմ տնտեսական ու ելեւմտական ամերիկեան պատժամիջոցներուն մասին լուրերը անճիշդ են կամ առաւելագոյնը կրնան մեկնաբանութիւններ ըլլալ: