Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ
11 ապրիլ 2019-ին, երկոյեան ժամը 5:00-ին Սեն Ժոզեֆ համալսարանի արեւելեան մատենադարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ լիբանանահայ մեծագոյն լուսանկարիչներէն Վարուժան Սէթեանի լուսանկարներուն ցուցահանդէսը: Լուսանկարիչ Վարուժան Սէթեան գեղարուեստական լուսանկարներու հարուստ ժառանգութիւն մը կտակած է թէ՛ հայ ժողովուրդին, թէ՛ Լիբանանին եւ թէ՛ արաբական աշխարհին ու Մերձաւոր Արեւելքին: Կազմակերպուած ցուցահանդէսին առիթով «Ազդակ» հարցազոյց մը ունեցաւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի արխիւներու բաժնի պատասխանատու տնօրէն Լեւոն Նորտիկեանին հետ:
«ԱԶԴԱԿ».- Ինչպէ՞ս ծնաւ լուսանկարիչ Վարուժան Սէթեանի լուսանկարներու ցուցահանդէս կազմակերպելու գաղափարը:
ԼԵՒՈՆ ՆՈՐՏԻԿԵԱՆ.- Նախ ըսեմ, որ ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի արեւելեան մատենադարանին մէջ, որ կը գտնուի «Թէաթըր Մոնօ»-ի ճիշդ վրան: Հոն շինուեցաւ նոր սրահ մը, որուն մէջ առաջին ցուցադրութիւնը պիտի ըլլայ Վարուժան Սէթեանի ցուցահանդէսը: Այս առիթով, Վարուժ Ներկիզեանի մեկենասութեամբ, նաեւ հրատարակուած է Վարուժան Սէթեանի լուսանկարներու ալպոմ մը:
Ներկայիս ես պատասխանատու տնօրէնն եմ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի լուսանկարներու արխիւներուն: Հսկայական արխիւներ կան, հարիւր հազարաւոր լուսանկարներ, որոնք Յիսուսեան միաբանութեան վարդապետները ձգած են: Յիսուսեան միաբանութեան արխիւները Լիբանանի եւ Արեւելքի համար շատ հարուստ են եւ շատ կարեւոր: Այդ արխիւներուն մէջ կայ բաժին մը, որ հայերուն հետ կապ ունի, որովհետեւ Յիսուսեան հայրերը առաքելութիւն մը ունէին «Հայկական առաքելութիւն» անունով (Միսիոն տ՛Արմենի), որ հիմնադրուած էր 1881-ին, հայրենիքի մէջ: Անոնք Թոքաթի, Սեբաստիոյ, Ամասիոյ, Կեսարիոյ , Ատանայի մէջ դպրոցներ հիմնած են եւ այդ շրջաններէն հայեր լուսանկարած են: Ասոնց մասին գիրքեր պատրաստած եմ , նոր գիրք մըն ալ պիտի աշխատիմ հրատարակել «Հայկական առաքելութեան» մասին,` մեկենասութեամբ Վարուժ Ներկիզեանի:
Ըսեմ նաեւ, որ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի արխիւատունը երկու-երեք տարի առաջ հիմնուեցաւ: Շատ մասնագիտական կառոյց մըն է, որ կառուցուեցաւ Պելճիքայէն «Պօղոսեան» հաստատութեան շնորհիւ: Արխիւատան ջերմաստիճանը եւ խոնաւութիւնը միշտ հսկողութեան տակ են: Նկարները եւ նեկաթիւները առանց ասիտի պահարաններու եւ առանց ասիտի տուփերուն մէջ դրուած են: Նկարները կը մաքրուին ու կը պահուին յատուկ գործիքներով: Ես ուզեցի Յիսուսեան հայրերէն մնացած արխիւները ընդարձակել եւ որոշեցի հաւաքել Լիբանանի մէջ աշխատած լուսանկարիչներու լուսանկարները: Շատեր չեն գիտեր, թէ ինչ պիտի ընեն իրենց լուսանկարները եւ կը նուիրեն հաստատութեան մը , որովհետեւ գիտեն, որ իրենց նկարները հոն պիտի պահուին ապահով:
Շատ լաւ գիտենք, որ հայերը մեծ դեր խաղացեր են լուսանկարչական ասպարէզին մէջ: Պոլիսէն սկսեալ մինչեւ Լիբանան ու Միջին Արեւելք` վարպետ լուսանկարիչները հայեր եղած են: Օսմանեան կայսութեան մեծ նկարիչները, օրինակ` Ապտուլլա եղբայրները, Տիլտիլեանը , հայեր էին: Լիբանանի մէջ Սարաֆեանները կային, Կիւլպէնկը, Տէրունեանը, Մանուկ Ալէմեանը եւ Վարուժան Սէթեանը, ասոնք մեծ լուսանկարիչներ էին: Ես հետաքրքրուեցայ` լիբանանահայ լուսանկարիչներու արխիւները հաւաքելով: Դժբախտաբար մեծամասնութեան արխիւները Պէյրութի պատերազմին այրած են Պապ Իտրիսի մէջ, ուր կը գտնուէին գրեթէ բոլոր նկարչատուները: Այդ օրերուն Վարուժանի լուսանկարչատունն ալ այրած է, բայց բարեբախտաբար ան իր նկարներուն մեծ մասը ուրիշ տեղ պահած էր: Փորձեցի հոս ու հոն հարցնել, պրպտել. գիտէք` շատեր կարեւորութիւն չեն տար լուսանկարներու: Մանուկ Ալէմեանը կրցած էր փրկել լուսանկարները ու տանիլ Քանատա: Մտքիս մէջ կար, որ Վարուժան Սէթեանի նկարներու հաւաքածոն Սեն Ժոզեֆ համալսարանը ստանձնէ: Այդպէս ալ եղաւ, ուրեմն, Վարուժ Ներկիզեանի ջանքերով եւ մեկենասութեամբ, Վարուժան Սէթեանի նկարներու ամբողջ հաւաքածոն հիմա Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ է: Վարուժան Սէթեանի ընտանիքն ալ համաձայն էր այս տնօրինման, որովհետեւ լաւ գիտէր, որ ժամանակի ընթացքին այդ նկարները պիտի փճանային, մանաւանդ` գունաւոր նկարները, որոնք շատ երկար կեանք չունին: Որոշ պայմաններ պէտք է, որ անոնք երկար ապրին: Ըսեմ, որ Վարուժ Ներկիզեանը «Էմիրէյթ-Լիպանոն» դրամատան ընդհանուր տնօրէնը եւ նախագահն է եւ մեծ բարերար է Լիբանանի մէջ:
Այսպէս , ուրեմն որոշեցինք ցուցահանդէս մը կազմակերպել Վարուժան Սէթեանի լուսանկարներուն եւ Վարուժ Ներկիզեանին կատարած բարեգործութեան եւ օժանդակութեան պատիւին:
«Ա.».- Ինչո՞վ կը յատկանշուին Վարուժան Սէթեանին լուսանկաները:
Լ. Ն.- Վարուժանը ամէն տեսակի նկարչութիւն ըրած է` տեսարան ըլլայ, տեղեկագրական (reportage) ըլլայ: Ան շատ նկարներ ունի` Լիբանանի հրաշալի բնութեան մասին: Ան բանաստեղծի ոգի ունեցած է: Իմ կարծիքովս, Վարուժանը արտակարգ դիմանկարող լուսանկարիչ էր: Ան հարիւրաւոր նկարներ ունի գրագէտներու, արուեստագէտներու` մանաւանդ հայ գրողներու եւ արուեստագէտներու Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ: Հրաշալի նկարներ նկարած է` Պարոյր Սեւակ, Յովհաննէս Շիրազ, Գուրգէն Մահարի, զոր անկողինէն հանած ու նկարած է, Սիլվա Կապուտիկեան եւ շատ ուրիշներ: 1968-ին Վարուժանը նկարած է հայ գրականութեան եւ արուեստի գրեթէ բոլոր անձնաւորութիւնները:
Նոյն բանը Լիբանանի մէջ ըրած է. նկարած է Անդրանիկ Ծառուկեանը, Մուշեղ Իշխանը եւ շատ ուրիշներ: Մեծանուն երգչուհի Ֆէյրուզին պաշտօնական նկարիչը եղած է Վարուժան Սէթեանը: Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացնենք այս նկարներէն շատերը, որոնցմէ կարելի է գաղափար մը կազմել Վարուժանի լուսանկարչական արուեստին մասին: Յաջորդ քայլս պիտի ըլլայ Վարուժան Սէթեանի` հայ դիմանկարներու ալպոմ մը պատրաստել, որովհետեւ իսկապէս կ’արժէ:
«Ա.».- Ի՞նչ ներդրում ունեցած է Վարուժան Սէթեանը Լիբանանի լուսանկարչական արուեստին մէջ:
Լ. Ն.-1965-ին Վարուժան Սէթեանը լուսանկարչական մեծ ցուցահանդէս մը ունեցած է «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ Համազգայինի աջակցութեամբ եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան հովանաւորութեամբ: Թէեւ ես մասնագէտ չեմ արուեստի, բայց կը կարծեմ, որ Վարուժանին ցուցահանդէսը Լիբանանի մէջ առաջին լուսանկարչական ցուցահանդէսը եղած է : Այս մասին օրուան թերթերուն մէջ յօդուածներ գրուած են այն մասին, որ լուսանկարչութիւնը այլեւս արուեստ կարելի է համարել: Ան երեք-չորս ցուցահանդէս իրականացուցած է. երկրորդը 1969-ին տուած է Պետական երաժշտանոցին մէջ, Հայաստանէն վերադարձին, որ նուիրուած եղած է Հայաստանի տեսարժան վայրերուն եւ արուեստագէտներուն:
Հակառակ անոր որ բարձրագոյն ուսում չէ ստացած Վարուժան Սէթեանը, բայց ինքնաշխատութեամբ բաւական գիտելիք ամբարած է հայ գրականութեան եւ արուեստի մասին: Օրինակ` ան լուսանկարներու շարք մը ըրած է Պեքայի մէջ հունձքի եւ կալի կեանքը պատկերող: Այս երեւոյթը մեզի կը յիշեցէ Դանիէլ Վարուժանի «Հացին երգը», որմէ ներշնչուած է եւ սերմնացանէն մինչեւ հացը` բոլոր քայլերը նկարած է:
Վարուժան Սէթեանը շատ սիրած է հայ գրականութիւնը, երաժշտութիւնը եւ արուեստը: Ան մաս կազմած է նաեւ Բարսեղ Կանաչեանի «Գուսան» երգչախումբին: Ան աշխուժ մասնակիցը եղած է նաեւ լիբանանահայ կեանքին ու գործունէութիւններուն: Վարուժան Սէթեանը ամէն տարի Ապրիլ 24-ի ձեռնարկներուն եւ քայլարշաւներուն մասնակցած եւ լուսանկարներ նկարած է` ըլլայ Պիքֆայայի մէջ, ըլլայ Պէյրութ: Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակին, որ տեղի ունեցած է Ք. Շամունի անուան մարզադաշտին մէջ, ուր հաւաքուած եղած են տասնեակ հազարաւոր հայեր, Վարուժան հրաշալի փանորամիք նկարներ նկարած է, որոնք մեծ արժէք ունին այսօր:
Կը ծրագրեմ Վարուժան Սէթեանի դիմանկարներուն յատուկ ցուցահանդէս մըն ալ կազմակերպել յառաջիկային: Ան վերջին մոհիկաներէն մէկը եղած է հայ լուսանկարչութեան աւանդութեան, որ սկսած է Պոլիսէն եւ շարունակուած` Սուրիա, Լիբանան եւ Միջին Արեւելք: