Պաթումի մէջ (Վրաստան) սկսաւ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը, որուն աղջկանց 59 քկ դասակարգին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Իզապելլա Եայլեան երկամարտի մրցումներուն գրաւեց 5-րդ դիրքը` արձանագրելով 207 քկ արդիւնք մը:
Ախոյեան հռչակուեցաւ Լաթվիոյ ներկայացուցիչը` Ռեպեքքա Քոհան, որ արձանագրեց 217 քկ արդիւնք մը:
Մրցումէն ետք Ի. Եայլեան ըսաւ. «Կրնայի աւելի լաւ արդիւնքի հասնիլ, բայց սխալեցայ եւ չյաջողեցայ արդարացնել իմ վրաս դրուած յոյսերը, լարուածութիւնը խանգարեց զիս:
«Տրամադրութիւնս բարձր էր, բայց, դժբախտաբար, լաւ արդիւնք չկրցայ արձանագրել: Կը յուսամ, որ աշխարհի ախոյեանութեան աւելի լաւ արդիւնք ձեռք ձգեմ»: