Երէկ Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ: Ըստ նախնական տուեալներուն, աջ¬կեդրոնի «Կապոյտ եւ սպիտակ» դաշինքը, որուն ղեկավարը իսրայէլեան բանակի նախկին սպայակոյտի պետ Պենի Կանցն է, Քնեսեթին մէջ ապահոված է 37 աթոռ, իսկ գործող վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի աջակողմեան Լիքուտ կուսակցութիւնը` 36 աթոռ: Շաս եւ Աշխատաւորական կուսակցութիւնները ապահոված են 7 աթոռ, իսկ Մերեց կուսակցութիւնը` 5 աթոռ:
Կանց շտապեց յայտարարելու, թէ յաղթանակ արձանագրած է, սակայն պետական «Քան» պատկերասփիւռի կայանը նախատեսեց, որ աւելի հաւանական է, որ Նեթանիահուի դաշնակից աջակողմեան կուսակցութիւնները կարենան համախմբական կառավարութիւն մը կազմել: