Պրազիլի նախագահ Ժայիր Պոլսոնարու յայտարարած է, թէ Վենեզուելա զինուորական ներխուժման պարագային ան պիտի դիմէ պրազիլական խորհրդարանին` հարցնելով, թէ արդեօք պէ՞տք է միջամտել տագնապին: «Կազեթա» կայքը կը հաղորդէ, որ ան այդ յայտարարութիւնը կատարած է տեղական «Ժովեմ Փան» ձայնասփիւռի կայանէն:
Պոլսոնարու նաեւ ընդգծած է, որ Վենեզուելայի մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակը չի կրնար մնալ այնպէս, ինչպէս որ հիմա է: