Ռուսական Բանակի Յաղթական Յառաջխաղացքը
Հայկական Հարցը` Պատրիարքարանի Օրակարգին Վրայ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ռուս-թրքական պատերազմը 1877-ի ամրան կը շարունակուէր բուռն թափով, եւ Պալքանեան ու Կովկասեան ռազմաճակատներուն վրայ արիւնահեղ կռիւներ կը մղուէին: Պալքանեան ռազմաճակատին վրայ, Փլեւնայի մէջ օսմանեան զօրքերը պաշարուած էին: Իսկ Կովկասեան ռազմաճակատին վրայ ռուսեր յառաջխաղացք արձանագրած էին, եւ կռիւները կը շարունակուէին փոփոխակի յաջողութիւններով:
Սահմանամերձ շրջաններու հայկական գիւղերը հրդեհուած եւ անոնց բնակիչները ջարդուած եւ ցիրուցան գաղթական դարձած էին:
Սուլթան Համիտի կողմէ Ներսէս պատրիարքին Առաջին աստիճանի Օսմանիէ շքանշանի շնորհուելուն առիթով Խրիմեան Հայրիկ խիստ խօսքերով յիշեցուցած էր թրքական նախճիրները եւ յուզուած հեռացած էր պատրիարքարանէն: Հայրիկ ցաւ ի սիրտ կը բացագանչէր. «Ոչխարներու ոսկորներէն մանեակ շինեցին եւ հովիւին վիզէն կախեցին»:
Խրիմեան Հայրիկի զգաստութեան կոչը ցնցեց Ներսէս պատրիարքը եւ խորապէս խոցեց անոր սիրտը:
Պոլսոյ «Լրագիր» թերթը «Ո՞վ է մատնիչը» խորագիրով յօդուած մը հրապարակեց: Հայրիկ կ՛անուանուէր մատնիչ եւ դաւաճան, որովհետեւ սրբազան պատրիարքին հարցուցած էր թէ Համիտ ի՞նչ միջոցներու դիմած է հայերու կոտորածը չկրկնուելու համար: Այդ հարցումը կառավարութեան դէմ դաւաճանութիւն կը նկատուէր:
Պատրիարք եւ Ազգային ժողով վեհափառ սուլթան Համիտի շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան ուղերձ գրեցին:
Այս առիթով Գամառ Քաթիպա կծու հեգնանքով գրեց.
«Շնորհակալութի՜ւն, վեհափառ սուլթան
Որ դու քար ու քանդ արիր Հայաստան.
Օրը հազարով հայեր մորթեցիր
Հայոց շէն գեղեր ամայացուցիր»:
* * *
Ռուսական կայսրութեան սահմաններէն ներս հայեր պարէնով, հագուստեղէնով եւ կամաւորներով կ՛օժանդակէին ռուսական բանակին:
Վայոց Ձորի Արփա գիւղին մէջ 10 օգոստոս 1877¬ին տարբեր գիւղերէ 351 ներկայացուցիչներ հաւաքուեցան եւ խորհրդակցեցան ու որոշում առին տաճկահայ ժողովուրդին օգնութեան հասնելու: Որոշումին մէջ կ՛ըսուէր. «Տաճկահայաստանը որը հինգ հարիւր տարի լռութեամբ տարել է իւր իշխողի բռնակալ լուծը, այժմ անխնայ ողողւում է իւր սեփական որդւոց արիւնով: Տաճկական անգթութիւնը դէպի հպատակ հայերը հասել է վերջին կէտին: Մեր սիրտը մորմոքում է, երբ երեւակայում ենք այս սոսկալի ոճիրները, որոնց ենթարկուել են Վանի, Բայազէդի եւ թշուառ Հայաստանի այլ կողմերի բնակիչները: … Քանի որ խղճուկ Հայաստանը պէտք է մնայ տաճկական կառավարութեան ներքոյ, հայու արիւնը պէտք է ոռոգէ Հայաստանը»:
Հետզհետէ նորանոր կամաւորներ հաւաքագրուեցան եւ միացան ռուսական բանակին: Ռազմաճակատին վրայ, Պայազիտէն անդին, Աբաղայէն դէպի Կաղզուան գօտիին մէջ բուռն կռիւներ կը մղուէին:
Ռուսական բանակի գլխաւոր հրամանատարներէն հեծելազօրքի զօրավար Միքայէլ Լոռիս-Մելիքով Հայաստանի ազատագրութեան տեսլականով իրեն հետ խօսող հայ գործիչներուն ըսաւ. «Վերը բան մի՛ յուսաք, անիկա մեզի պէտք է. վարը բան մը ըրէք, հոն մենք ալ թերեւս ձեզի կ՛օգնենք»:
Վերը ըսելով զօրավարը ըսել կ՛ուզէր Հայաստանը, իսկ վարը ըսելով կը հասկցնէր Կիլիկիան:
Լոռիս-Մելիքով իր շուրջ հայ աշխարհազօրայիններու նոր ջոկատներ համախմբեց եւ 1877 օգոստոսին յարձակման անցաւ Կարսի ուղղութեամբ: Իրերայաջորդ յարձակումներէ ետք օսմանեան բանակը սեպտեմբերին կասեցուց ռուսական յառաջխաղացքը:
* * *
Խրիմեան Հայրիկ 1877 նոյեմբերին իր մօտ հրաւիրեց ազգային երեսփոխանները: Պատերազմին ընթացքը նկարագրելէ եւ օրուան կացութիւնը պարզելէ ետք ան շեշտը դրաւ պատրիարքարանին հետեւած քաղաքականութիւնը փոխելու անհրաժեշտութեան վրայ: Հայրիկ ըսաւ, որ հարկը կը պահանջէ Ներսէս պատրիարքի տապալումը եւ ազգային պէտքերուն ու իղձերուն ընդառաջ գացող նոր պատրիարքի մը ընտրութիւնը:
Բայց նախքան պատրիարքի հեռացման պահանջ ներկայացնելը եւ այդ ուղղութեամբ քայլ մը առնելը, յարմար դատուեցաւ փորձ մը ընել շահելու Ներսէս սրբազանի տրամադրութիւնները եւ կոչ ուղղելու անոր, յայտնելով որ այլեւս հասած է ժամը լքելու ցարդ իր հետեւած քաղաքականութիւնը:
Ներսէս պատրիարք Վարժապետեան, որքան ազգասէր, նոյնքան իմաստուն, անվերապահօրէն ընդունեց իրեն եղած առաջարկը եւ եպիսկոպոսական ժողովին անկեղծ աջակցութիւնը խնդրեց:
Թորգոմ եպիսկոպոս Գուշակեան կը գրէ. «Հայրիկի՛ ձեռներէցութեան շնորհիւ, այսպէս, հայկական խնդիրը պատրիարքարանի պաշտօնական շրջանակներուն մէջ ստացաւ իրեն արժանի դիրքը, այսուհետեւ ընդմիշտ առարկայ դառնալով եռանդուն ու բոլորանուէր հոգածութեան Ներսէսի, որ արդարեւ մինչեւ վերջ ղեկավարեց զայն մեծ ձեռնհասութեամբ եւ անվիճելի հայրենասիրութեամբ:
«Երեսփոխանական ժողովը մեծ կորովով ընդգրկեց գործն ամբողջ, եւ որովհետեւ օգտակար չէր հրապարակաւ եւ ատենական բովէն անցընել զայն, պաշտօն յանձնուեցաւ պատրիարքին` երեսփոխաններու եւ այլ ազգասէր անձերու գործակցութեամբ տնօրինել կարեւորը, հայկական հարցը դնելու համար ազգին փրկութեան պահանջած ուղղութեան մէջ»:
* * *
Կովկասեան ռազմաճակատին վրայ ռուսական զօրքերը եւ անոնց շարքին` հեծեալ ու հետեւակ հայ կամաւորներ զօրավար Լազարեւի հրամանատարութեան տակ յարձակման անցան Անիէն արեւմուտք, դէպի Կարս տանող ճամբուն վրայ գտնուող Ալաճա լերան ուղղութեամբ, ուր սեպտեմբեր 21 (հոկտեմբեր 3)ին եւ արիւնահեղ գօտեմարտեր մղուեցան: Օսմանեան բանակը հիմնովին ջախջախուեցաւ:
Շարունակելով յառաջխաղացքը, ռուսական բանակը հոկտեմբեր 13 (25)-ին պաշարեց Կարսը եւ նոյեմբեր 6 (18)-ին գրաւեց զայն: Հայեր, Գրիգորիս վարդապետ Աղուանեանի գլխաւորութեամբ, աղ ու հացով դիմաւորեցին քաղաք մտնող ռուսական բանակը:
Զօրավար Տէր Ղուկասովի եւ Գէյմանի զօրքերը այնուհետեւ շարժեցան դէպի Էրզրում, որուն դէմ գրոհը սակայն անյաջող անցաւ:
Զօրավար Ստեփան Քիշմիշեւ, որ գործօն մասնակցութիւն բերած էր կռիւներուն, հետագային, 1881¬ին Փեթերսպուրկի մէջ իր հրատարակած «Պատերազմ Թրքական Հայաստանի մէջ 1877-1878 տարիներուն» գիրքին մէջ կը գրէ, որ Թուրքիոյ հայերը մեծ ինքնազոհութիւն եւ անշահախնդիր հակում ցուցաբերեցին դէպի ռուսական զօրքերը եւ զգալի օգնութիւն ցոյց տուին անոնց:
* * *
Պալքանեան ռազմաճակատին վրայ, Փլեւնայի (ներկայիս` Փլեւէն, հիւսիսային Պուլկարիա) մէջ օսմանեան զօրքը 1877 յուլիսէն ի վեր կը մնար պաշարուած: Օգոստոս 30-31 (սեպտեմբեր 11-12)ին ռուսական զօրքերը մեծ յարձակում մը շղթայազերծեցին Փլեւնայի վրայ, բայց կասեցուեցան:
Օսմանցիք իրենց պարտութիւններուն վրէժը կը լուծէին անխնայ սուրի քաշելով քրիստոնեաները: Սթարա Զակորա, որ Պուլկարիոյ մեծագոյն քաղաքներէն էր, հրկիզուեցաւ եւ անոր բնակիչները անխնայ սուրի քաշուեցան: Ջարդերէն խոյս տալով պուլկարներ խուճապահար փախուստ կու տային դէպի հիւսիս, ռուսական գրաւեալ գօտին:
Նոյեմբերին ռուսեր եւ ռումանացիք Փլեւնայի շուրջ կտրեցին օսմանցիներու մատակարարման ուղիները:
Օսման Նուրի փաշա փորձեց ճեղքել Փլեւնայի պաշարումը Օփանէցի ուղղութեամբ: Օսմանցիք շարժական կամուրջներ փռեցին Վիթ գետին վրայ եւ նոյեմբեր 27 (դեկտեմբեր 9)-ի կէս գիշերին ճեղքեցին ռուսական առաջին գիծը, բայց ձեռնամարտի բռնուեցան եւ ծանր կորուստներ տալով ետ մղուեցան: Յաջորդ օր Օսման Նուրի փաշա անձնատուր եղաւ եւ իր սուրը յանձնեց ռումանացիներուն:
Սերպիա 13 դեկտեմբերին կրկին պատերազմ յայտարարեց Օսմանեան կայսրութեան դէմ:
Ռուսական գրաւեալ գօտիէն թուրքեր խուճապահար սկսան փախուստ տալ: Յառաջացող զօրքերը թրքաբնակ գիւղերը կը հրկիզէին, անոնց բնակիչները սուրի կը քաշէին եւ մզկիթները գետնին կը հաւասարեցնէին: Պուլկարիոյ թրքական հոծ բնակչութեամբ շրջաններուն մէջ դիմադրութեան պատրաստութիւններ սկսան:
* * *
Ստեղծուած դժնդակ կացութեան առջեւ օսմանեան կառավարութիւնը արտակարգ զօրաշարժ եւ ստիպողական վիճակ յայտարարեց:
Բարձրագոյն դուռը դիմեց հայոց պատրիարքարան եւ պահանջեց որ հայեր հայրենիքին նկատմամբ իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարեն եւ մասնակցութիւն բերեն զօրահաւաքին:
Պոլսոյ եւ այլ շրջաններու մէջ զօրաշարժը յառաջ կը տարուէր արտակարգ պայմաններու տակ: Զէնքի տակ կանչուած էին զէնք կրելու ընդունակ բոլոր տղամարդիկը, յանուն օսմանեան հայրենիքի պաշտպանութեան: Կամաւորներ գունդ-գունդ կը հաւաքագրուէին եւ կ՛ուղարկուէին ռազմաճակատներ:
Պալքաններէն հասնող գաղթականները անելի մատնած էին կառավարութիւնը:
* * *
Պոլսոյ Ազգային երեսփոխանական ժողովը 14 դեկտեմբեր 1877-ին նիստի հրաւիրուեցաւ, իբրեւ միակ օրակարգ ունենալով հայոց զինուորագրութեան հարցը:
Ազգին ներկայացուցիչները այդ օր առաջին անգամ ըլլալով համարձակ կերպով բողոք արձանագրեցին զիրենք խոշտանգող ու կեղեքող լուծին դէմ: Երեսփոխաններուն մեծամասնութիւնը մերժեց գոհացում տալ կառավարութեան պահանջին: Միայն քանի մը երեսփոխաններ խօսեցան համակերպելու մասին:
Պատրիարքարանին բակը լեցուած ժողովուրդը անհամբերութեամբ կը սպասէր ժողովի արդիւնքին:
Երեսփոխաններէն ոմանք յայտարարեցին, որ հայը չի կրնար հայրենիք նկատել հող մը, ուր սկիզբէն ի վեր ինք խորթ զաւակ նկատուած է:
Ժողովը իր ատենագրութեան մէջ արձանագրեց, որ հայ ժողովուրդին տենչն է ազատագրուիլ թրքական լուծէն եւ միանալ Ռուսիոյ իր եղբայրներուն: Հետեւաբար հայութիւնը կը մերժէ ընդառաջել թրքական կառավարութեան զինուորագրութեան առաջարկին:
Բակը խռնուած ժողովուրդը ուրախութեան աղաղակներով արձագանգեց ժողովի որոշումներուն:
* * *
Պոլսոյ հայոց ազգային երեսփոխանական ժողովին յանդուգն դիրքորոշումը զայրացուց թրքական պետական շրջանակները եւ բացասական տպաւորութիւն ձգեց իսլամ բնակչութեան մօտ:
Պոլսոյ ֆրանսական օրկան «Սթամպուլ» թերթը գրեց, որ հայոց արարքը ուղղակի ապստամբութիւն է սուլթանին դէմ, եւ կառավարութիւնը իրաւունք ունի հայերը պատժելու:
Պոլսոյ մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Լայարտ յայտարարեց, որ հայոց Ազգային ժողովին ընդդիմութիւնը` թրքական կառավարութեան զինուորագրութեան առաջարկին, դաւաճանութիւն է, եւ թէ` «ապագան շուտով ցոյց կու տայ որ այսպէս վարուելով հայերը դաւաճանած են իրենց ճշմարիտ շահերուն»:
* * *
Պալքանեան ռազմաճակատին վրայ, ռուսական բանակը, 377 հազար զինուորներով, ցուրտ ձմրան պայմաններուն տակ կտրեց Սթարա Փլանինա լերան ստորոտի հատուածը, արագօրէն թափանցեց թրքական առաջին բնագիծերէն ներս եւ ռազմագիտական մեծ նշանակութիւն ունեցող դիրքեր իր հակակշիռին տակ առաւ: Սկսան բուռն գօտեմարտեր, 13 քիլոմեթր երկարութեամբ Շիփքայի լեռնանցքին տիրանալու համար: Ռուսեր, մարաջախտ Իոսիֆ Կուրքոյի հրամանատարութեան տակ, իրերայաջորդ քանի մը գրոհներէ ետք գրաւեցին լեռնանցքը:
Օսմանցիք, 275 հազար զինուորներով հակայարձակման անցան, բայց ծանր կորուստներ տալէ ետք կանգ առին:
Ռուսական բանակը, սաստիկ ձիւն ու բուքին անցաւ Սթարա Փլանինան: Տեղացի պուլկարները օգնութեան հասան իրենց ազատարարներուն:
Օսմանցիք 14 հազար զինուոր կեդրոնացուցած էին Քամարլի գիւղին մէջ, պաշտպանելու համար դէպի Սոֆիա ճանապարհը: Ռուսական բանակի յառաջխաղացքի պայմաններուն տակ օսմանցիք կեդրոնացան Թաշքեսէն (այժմ` Սարանցի) գիւղին մէջ, ուր պաշարուեցան ռուսական գերազանց ուժերէն: Ձիւնը անընդհատ կը տեղար: Դեկտեմբեր 19 (31)-ին, արիւնահեղ ճակատամարտէ մը ետք օսմանցիք նուաճուեցան, իսկ ողջ մնացողները գիշերով փախուստի դիմեցին:
Ռուսական բանակը դեկտեմբեր 21 (2 յունուար 1878)-ի
ն շարժեցաւ դէպի Կորնի Պոկրով եւ կտրեց Իսքար գետը: Յաջորդ օր գրաւեց Քուպրաթովօ եւ Պիրիմիրցի գիւղերը եւ հասաւ Օրլանտովցի, ուրկէ երկու թեւի բաժնուելով կտրեց Սոֆիա-Փլովտիւ ճանապարհը եւ դեկտեմբեր 23 (յունուար 4)-ին գրաւեց Սոֆիան: Այդ եւ յաջորդող օրերուն Սոֆիայի բոլոր մզկիթները հրկիզուեցան եւ գետնին հաւասարեցուեցան: Օսմանեան զօրքերը ցիր ու ցան փախուստի կը դիմէին:
Ռուսական բանակին առջեւ այլեւս բացուած էր դէպի Փլովտիւ, Էտիրնէ եւ Պոլիս ճանապարհը:
Պոլսոյ մէջ հայոց պատրիարքարան եւ Ազգային ժողով օրը օրին կը հետեւէին դէպքերու հոլովոյթին եւ կը պատրաստուէին: Էտիրնէի առաջնորդական փոխանորդ Գէորգ ծայրագոյն վարդապետ Ռուսճուքլեան կը սպասէր ռուսերու ժամանումին: