ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ Միջխորհրդարանական համադաշնակցութեան 140-րդ ընդհանուր ժողովին մասնակցութեան շրջագիծին մէջ կը գտնուէր Տոհա, քաթարեան «Ռայա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին բարձր գնահատեց Քաթարի ի գործ դրած ջանքերը` օժանդակելու եւ նեցուկ կանգնելու Լիբանանին, անոր դիմագրաւած տարբեր փուլերուն եւ անկիւնադարձային ժամանակաշրջաններուն ընթացքին:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Քաթար իւրայատուկ տեղ եւ կշիռ կը ներկայացնէ` շրջանային եւ միջազգային առումով:
Անդրադառնալով Միջխորհրդարանական համադաշնակցութեան 140-րդ ընդհանուր ժողովը հիւրընկալելու իրականութեան` երեսփոխան Բագրատունի աւելցուց, որ ատիկա եւս շրջանային եւ միջազգային մակարդակով կ՛ամրապնդէ Քաթարի դերակատարութիւնը:
Պատասխանելով Միջխորհրդարանական համադաշնակցութեան 140-րդ ընդհանուր ժողովին քննարկած հարցերուն մասին հարցումի մը` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ իբրեւ արաբական երկիր, իրենց համար բռնագրաւուած Կոլանի բարձունքները սուրիական գերիշխանութեան պատկանիլը, Պաղեստինեան հարցն ու պաղեստինցի ժողովուրդին ազգային ինքնորոշման իրաւունքը կը մնան առաջնահերթ:
Ան աւելցուց, որ ժողովը քննարկած է նաեւ կենսոլորտի, կրօններու եւ համայնքներու միջեւ խտրականութեան, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան, ապահովութեան եւ օրէնքի գերիշխանութեան մասին ուսուցանելու խորհրդարաններու դերակատարութեան վերաբերող հարցեր: