Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Թունուզի պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ ինք ամբողջական խաղաղութիւն հաստատելու ռահվիրաներէն է` աւելցնելով, որ արաբական աշխարհին մէջ բռնկած պատերազմները պէտք է կասեցնել:
«Արաբական գարուն» կոչուածը «Արաբական դժոխք»-ին աւելի համազօր է», ըսաւ նախագահ Աուն` աւելցնելով, որ շրջանին մէջ ահաբեկչութիւնը դրսեւորած է ինքզինք եւ ցարդ կը շարունակէ ամբողջ շրջանը տառապեցնել պատերազմի իրականութեամբ:
«Այսօր Սուրիան, Լիպիան, Եմէնը եւ Եգիպտոսը ո՞ւր են», հարց տուաւ նախագահ Աուն:
Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կային քաղաքական տարակարծութիւններ, սակայն հայրենիքին շուրջ բաժանում չէր եղած: «Տարակարծութիւնը պէտք չէ յանգի երկրին վնաս հասցնելու եւ անոր քանդումի իրականութեան», հաստատեց նախագահ Աուն:
Նախագահ Աուն նշեց, որ Թունուզի եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնը հզօր է եւ հիմնուած միացեալ արժէքներու վրայ:
Ան անդրադարձաւ Թունուզի հանգուցեալ նախագահ Հապիպ Պորքիպայի այն խօսքին, որ պաղեստինցիները Իսրայէլի հետ բանակցութիւններու ընթացքին պէտք է առնեն այն, ինչ որ կարելի է, եւ ապա մնացեալը պահանջեն: «Այսօր սակայն շատ դժուար է ատիկա կատարել, որովհետեւ ամէն բան կորսնցուցած ենք: Երուսաղէմը կորսուած է, Կոլանը եւս», ըսաւ ան` մտավախութիւն յայտնելով, որ կարգը կրնայ նաեւ լիբանանեան Մազարեհ Շեպաային եւ Քֆարշուպայի բարձունքներուն գալ:
Նախագահ Աուն խստիւ քննադատեց Սուրիան վիրաւորող արաբները: «Սուրիան կը նկատուէր արաբներու բաբախուն սիրտը. ի՞նչ ըրինք այդ սրտին: Եթէ վարչակարգին դէմ ես, պէտք չէ ժողովուրդը սպաննես, իսկ այս պարագային սուրիացի ժողովուրդն է զոհը», հաստատեց ան:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան տակաւին կը մնայ Ֆրանսայի բարեկամ երկիրը:
Իսկ պատասխանելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ իր յարաբերութեան մասին հարցումի մը` նախագահ Աուն ըսաւ. «Թրամփի հետ տակաւին չեմ ծանօթացած»: