Մինչ կառավարութիւնը այսօր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին նախագահական պալատին մէջ պիտի գումարէ ելեկտրականութեան ծրագիրին նուիրուած իր յատուկ նիստը, վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Իսլամական հոգեւոր գերագոյն խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախկին նախարար եւ խորհուրդի նախկին նախագահ Օմար Մըսքաուիի:
Պատուիրակութիւնը վարչապետ Հարիրիին ներկայացուց շուտափոյթ ապաքինման մաղթանքներ:
Իր կարգին, վարչապետ Հարիրի երկրին վկայելիք յաջորդ փուլին համար լաւատեսութիւն յայտնեց: Ան նշեց, որ ինք կը նախատեսէ Լիբանանի վկայելիք բարգաւաճումն ու աշխուժացումը, յատկապէս` զբօսաշրջութեան առումով, նկատի ունենալով, որ Սէուտական Արաբիան չեղեալ նկատեց իր քաղաքացիներուն վրայ պարտադրուած Լիբանան այցելութիւնը արգիլող որոշումը:
Վարչապետ Հարիրի մաղթեց նաեւ, որ մօտիկ ապագային Ծոցի երկիրները իրենց կարգին դիմեն Սէուտական Արաբիոյ քայլին: Հանդիպումին ընթացքին ան անդրադարձաւ մօտիկ ապագային կառավարութեան վաւերացնելիք պետական ամավարկին` հաստատելով, որ անիկա պիտի ըլլայ սեղմումներով լեցուն պետական ամավարկի ծրագիր մը` նկատի ունենալով, որ երկիրը հասած է տնտեսական եւ ընկերային դժուար կացութեան մը:
Ան նշեց, որ «Դէպի աշխատանք» կարգախօսը որդեգրած կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` բարգաւաճեցնելու համար երկրին տնտեսութիւնը` աւելցնելով, որ անոր որդեգրելիք բարեկարգումի առաջին քայլը պիտի ըլլայ մսխումի կասեցումը, որովհետեւ անիկա երկրին ազգային տնտեսութիւնը կը հարուածէ եւ կը խոցէ:
Վարչապետ Հարիրի անդրադարձաւ նաեւ սիւննի համայնքին մէջ իսկական բարեկարգումներ իրագործելու անհրաժեշտութեան, որպէսզի համայնքը կարենայ իր ազգային պարտականութիւնը իրականացնել: