Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ այցելեց Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքիի:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ սենտիքայի խորհուրդին անդամները:
Հանդիպումին ընթացքին Քաաքի բարձր գնահատեց Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն ունեցած դրական դերակատարութիւնը Լիբանանի զօրակցութեան առումով:
Ան հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա յանձնառու է Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան, գերիշխանութեան եւ ժողովրդավարութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող խօսքի ազատութեան:
Քաաքի անդրադարձաւ լրագրութեան դիմագրաւած դժուար կացութեան` ընդգծելով, որ ընկերային ցանցերու նոր դրութիւնը շատ հզօր ձեւով կ՛ազդէ այդ մարզին վրայ, ինչպէս նաեւ երկրին տնտեսական կացութիւնը, որ ուղղակիօրէն իր ազդեցութիւնը կը ձգէ տպագիր մամուլի մարզին վրայ:
Քաաքի ողջունեց տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահի ջանքերը, յատկապէս` պատկերասփիւռի պետական կայանը աշխուժացնելու իմաստով:
Իր կարգին, Պուխարի յայտնեց, որ իր այցելութիւնը կը միտի Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ տեղեկատուական մարզի գործակցութիւնը ամրապնդել:
Ան շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա յանձնառու է Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ ճիգ պիտի թափէ Արաբական աշխարհին մէջ տեղեկատուութեան մարզի բարելաւման: