Երէկ` հինգշաբթի, 4 ապրիլին, Լիբանանի դահուկարշաւի մէկ պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Վալ Տիզեր (Ֆրանսա)` իր մասնակցութիւնը բերելու Լասքարայի դահուկարշաւի միջազգային մրցաշարքին:
Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ռեմոն Սըքքար, պատասխանատուն է Սելիմ Քէյրուզ, մարզիչները` Ժան Զըղէյպ, Մարթին Շթրապա, իսկ մարզիկները` Մարիա Լիոն, Թալա Սըմահա, Լէա Քայքանօ, Թամարա Խալաֆ, Մարիա Աֆիֆ, Քարեն Սըմահա, Սոֆի Քալլաս, Քրիսթա Ռահմէ, Սոֆիա Պարուտի, Էտմոն Սալամէ, Քարլ-Անտրէ Թապեթ, Շարպել Քէյրուզ, Զիահ Շեհապ, Ժուան Հըպէյշ, Եան Նահհաս եւ Մաթիօ Ասմար: