Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մեկնաբանած է 29 մարտին Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ կայացած հանդիպումը` ընդգծելով ատոր դրական բնոյթը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:
«Կ՛ողջունենք բանակցութիւններուն մէջ կառուցողական մօտեցման գերակայութիւնը: Կողմերուն անհրաժեշտ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերենք, որպէսզի կեանքի կոչուին այն գաղափարները, որոնց շուրջ համաձայնութիւն ձեռքբերուած է Աւստրիոյ մայրաքաղաքին մէջ», ազրպէյճանական ՕՆԱ լրատու գործակալութեան ըսած է Զախարովա:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ընդգծած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման առումով կողմերուն աջակցութիւն ցուցաբերելը Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան կարեւորագոյն առաջնահերթութիւններէն է:
Զախարովան աւելցուցած է, որ իրենք սերտօրէն կը համագործակցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամ միւս պետութիւններուն հետ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նշած է, որ բանակցային հոլովոյթը կը շարունակուի, եւ կողմերը տագնապի խաղաղ լուծման հասնելու վերաբերող աշխատանքը շարունակելու պատրաստակամութիւն յայտնած են:
Ըստ Զախարովայի, այս տրամադրուածութիւնը արձանագրուած է նաեւ Փաշինեան-Ալիեւ վերջին հանդիպումէն ետք կատարուած յայտարարութեան մէջ:
Միեւնոյն ժամանակ Զախարովան անգամ մը եւս ընդգծած է, որ տագնապին վերջ տալու պատասխանատուութիւնը կը կրեն միայն ատոր մէջ ներգրաւուած կողմերը: «Կարեւորը քաղաքական կամքի դրսեւորումն է», ըսած է ան: