Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով, խօսելով 2016-ի ապրիլեան պատերազմին մասին, յայտարարած է, թէ ազրպէյճանական բանակը կրնայ «որեւէ պահու» մարտերու սկսիլ:
«Մենք կրնանք որեւէ պահու մարտի նետուիլ, որովհետեւ բանակը ամբողջութեամբ համալրուած է զէնք-զինամթերքով», ըսած է Հասանով ազրպէյճանական «Ազ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին` նշելով, թէ իրենք ունին «բարձրորակ զէնք, անօդաչուներ, աւելի քան հազար անուն զէնք»:
Անոր համաձայն, բանակին մէջ կատարուող բարեփոխումներուն ընթացքին Ազրպէյճան կ՛օգտագործէ պատերազմական կացութեան մէջ գտնուող պետութիւններու, մասնաւորաբար Թուրքիոյ փորձառութիւնը: