Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-էյթի մրցումներու Ա. հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 3 ապրիլին, տեղի ունեցաւ Հուփս-ՀՄԸՄ երկրորդ մրցումը, Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ (Պաուշրիէ):
Ինչպէս ծանօթ է, առաջին մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով` 88-80 արդիւնքով:
Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը, նշենք, որ Հուփսի պատասխանատուները համաձայն գտնուեցան դաշտին դռները բանալու ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն դիմաց, որպէսզի կարենան ներկայ գտնուիլ մրցումին եւ քաջալերել իրենց կազմը: Բնականաբար ասոր համար գնահատանքի խօսքը կ՛երթայ Հուփսի նախագահ Ժասեմ Քանսոյին, որ սերտ կապեր ունի ՀՄԸՄ-ի հետ:
Ինչ կը վերաբերի մրցումին, ՀՄԸՄ-ի հետ դաշտ ներկայացաւ 2015-2016 տարեշրջանին Լիբանանի դաշտերուն վրայ ելոյթ ունեցած եւ ՀՄԸՄ-ի շապիկը կրած ամերիկացի Նորվել Փել: Ան դաշտ ներկայացաւ առաջին քորթըրին աւարտէն մէկ վայրկեան առաջ:
Առաջին քորթըրին ՀՄԸՄ լաւապէս տիրապետելով հիւրընկալ կազմին վրայ եւ նշանակելով հինգ թրի-փոյնթ (մինչ Հուփս` ոչ իսկ մէկ հատ), ունեցաւ 12 կէտի առաւելութիւն մը` 28-16 արդիւնքով:
Երկրորդ քորթըրը եւս անցաւ ՀՄԸՄ-ի տիրապետութեամբ, եւ խումբը նշանակեց 17 կէտ, փոխան` 5-ի:
Այսպիսով, առաջին կիսախաղը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի տիրապետութեամբ` 45-21 արդիւնքով:
Առաջին երկու քորթըրներուն, ՀՄԸՄ 14 փորձերէ ետք նշանակեց 7 թրի-փոյնթ, մինչ Հուփս միայն մէկ` 11 փորձերէ ետք:
Երրորդ քորթըրին Հուփս բաւական բարելաւեց իր խաղարկութիւնը եւ սկսաւ յաւելեալ կէտեր նշանակելով աւելի կրճատել հաշիւը:
Հուփս, որ այս քորթըրը սկսաւ 24 կէտի ուշացումով, բաւական ճնշելով ՀՄԸՄ-ի վրայ, երրորդ քորթըրին նշանակեց 24 կէտ, փոխան` 12-ի (57-45):
Պէտք է նշել, որ Հուփսի այս քամպեքը եղաւ բաւական տպաւորիչ եւ նոյնիսկ վտանգաւոր` նկատի ունենալով, որ անոր շարունակուելուն պարագային, մարզիչ Ժատ Հաժի կազմը կրնար յաղթական դուրս գալ այս ճակատումէն:
Չորրորդ եւ վերջին քորթըրին, Հուփս յաջողեցաւ կէտերու տարբերութիւնը նուազեցնել նոյնիսկ մինչեւ… չորս կէտի:
Սակայն մրցումին վերջին քանի մը վայրկեանին, ՀՄԸՄ յաջողեցաւ յաղթական դուրս գալ այս ճակատումէն, վեց կէտի տարբերութեամբ միայն` 75-69 արդիւնքով:
Պէտք է ըսել, որ Հուփսի եւ մրցումին աստղը հանդիսացաւ Ուիլի Ուորըն, որ նշանակեց 39 կէտ:
Իսկ ՀՄԸՄ-էն լաւագոյն սքորըրը հանդիսացաւ Էլի Սթեֆան, որ նշանակեց 13 կէտ, ներառեալ` 3 թրի-փոյնթ: Ուոլթըր Հոճ նշանակեց 12 կէտ, իսկ Նորվել Փել` 11:
Այսպիսով, երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած իններորդ ճակատումին դարձեալ յաղթական դուրս կու գայ ՀՄԸՄ-ի կազմը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ ՀՄԸՄ 2-0 արդիւնքով կը գերազանցէ Հուփսին եւ միայն յաղթանակէ մը հեռու է` ապահովելու համար կիսաւարտականի իր տոմսը:
Երկու կազմերուն միջեւ երրորդ ճակատումը տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 7 ապրիլին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: