Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Կիրակոս Թնճուկեանի անուան 2019-ի պլոթի մրցաշարքը, որ երկարեցաւ երեք օրերու վրայ:
Մրցաշարքը կազմակերպուած էր ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէի ընկերային յանձնախումբին կողմէ:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 36 զոյգեր, իսկ մրցաշարքին գլխաւոր իրաւարարն էր Երուանդ Չէօրեքճեան:
Համբիկ Հաւաթեան – Միշել Քոնսթանթինեան զոյգը տիրացաւ տիտղոսին: Երկրորդ հանդիսացաւ Շանթ Քէօսէեան – Արա Տէր Առաքելեան զոյգը, իսկ երրորդ` Հրաչ Քէօշկերեան-Րաֆֆի Չաքըրեան զոյգը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: