Յաջորդաբար վեցերորդ տարին ըլլալով, Պէյրութի միջազգային մարաթոնի միութիւնը կազմակերպեց աղջկանց վազքի մրցաշարքը, Պէյրութի կեդրոնական շրջանին մէջ, «Սարատար» դրամատան անուան տակ: Մրցաշարքին ընթացքին տեղի ունեցան 2,5 եւ 10 քմ-ի մրցումները:
Հակառակ տեղացող անձրեւուն, աղջկանց այս մարաթոնին մասնակցեցան հարիւրաւոր աղջիկներ եւ կիներ` վազելով իւրայատուկ նպատակի համար:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Ռոզիկ Չոպանեան եւ Լարա Մարկոսեան-Սարգիսեան, որոնք վազեցին 10 քմ-ի վազքի մրցումին:
Անոնց երկուքին իսկ վկայութեամբ, վազքի այս մրցումը եղաւ իւրայատուկ` իր տեսակին մէջ, որուն ընդմէջէն յատուկ պատգամ մը կար փոխանցուելիք, որպէսզի իգական սեռի վազողները իրենց թափած ջանքին ընդմէջէն կարենան հասնիլ առաւելագոյն ձգտումներուն: