Հենրիխ Մխիթարեան. «Հաճելի Է Ստանալ Լաւագոյն Ֆութպոլիստի Մրցանակը»
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան ստացաւ լոնտոնեան Արսենալի փետրուար ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստի մրցանակը:
30 տարեկան միջնապահ Մխիթարեան ըսաւ, թէ հաճելի է ստանալ լաւագոյն ֆութպոլիստի այս մրցանակը:
Քուէարկութեան ընթացքին Մխիթարեան ստացաւ ակումբի համակիրներու ձայներուն 40 առ հարիւրը:
Այս մրցանակին համար (փետրուար ամսուան) կատարուած քուէարկութեան արդիւնքին մէջ Մխիթարեան գերազանցեց իր քանի մը խմբակիցները, որոնք աւելի նուազ կէտեր ապահովեցին:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական