Արա Նաճարեան 4-րդ Անգամ Ըլլալով` Կլենտէյլի Քաղաքապետ
Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի Կլենտէյլ քաղաքի քաղաքային խորհուրդի նախագահ Արա Նաճարեան ընտրուած է Կլենտէյլի քաղաքապետ: Ան այդ պաշտօնին փոխարինած է Զարեհ Սինանեանը:
Արա Նաճարեան Կլենտէյլի քաղաքապետի պաշտօնը կը ստանձնէ 4-րդ անգամ ըլլալով: Ան առաջին անգամ այդ պաշտօնը ստանձնած էր ապրիլ 2005-ին:
«Ես իսկապէս շնորհակալ եմ քաղաքապետ աշխատելու կարելիութեան համար: Ես սերտ համագործակցութեան յոյս ունիմ գործընկերներուս եւ քաղաքային խորհուրդի աշխատակիցներուն հետ` Կլենտէյլը իբրեւ իւրայատուկ վայր պահպանելու հարցին մէջ», ըսած է Նաճարեան:
Share This Article