ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ այցելեցին վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որուն հետ քննարկեցին լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրիին բարի գալուստ եւ ապաքինում մաղթած են, ինչպէս նաեւ քննարկած են կառավարութեան գումարելիք այսօրուան նիստին օրակարգին վերաբերող հարցեր:
Կեդրոնական դրամատան հայ փոխկառավարիչի նշանակումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, թէ այդ դիրքը հայ առաքելական համայնքին չափաբաժինին մաս կը կազմէ` ընդգծելով, որ տարբեր լրատուամիջոցներուն կողմէ հաղորդուած լուրերն ու տեղեկութիւնները ստոյգ չեն: «Ո՛չ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ ո՛չ ալ վարչապետ Հարիրիի հետ հարցեր կան», շեշտեց ան:
«Մեր որոշումը շատ յստակ է, եթէ վերանշանակում կատարուի, պիտի վերանշանակենք, իսկ եթէ նշանակում կատարուի, ապա մենք ունինք երիտասարդ թեկնածուներ, որոնց թեկնածութիւնը պիտի առաջադրենք: Հետեւաբար ոչ մէկ հարց գոյութիւն ունի` ո՛չ հայ թեկնածուին ինքնութեան եւ ո՛չ ալ այդ պաշտօնը ունենալու հայ առաքելական համայնքին իրաւունքին շուրջ: Ի վերջոյ պետական մակարդակով կարգ մը դիրքեր ունինք, ինչպէս այլ համայնքներ, եւ մեր իրաւունքն է պաշտպանել այդ դիրքերը», շեշտեց ան:
Վարչապետարանին մէջ կատարած յայտարարութիւններուն մէջ, երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց նաեւ, որ վարչապետին հետ քննարկած են Մեթնի վերաբերող կարգ մը հարցեր, ինչպէս` թափօններու թաղման վայրերն ու քաղաքացիները յուզող հարցերը: