Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթ Լիբանան կը գտնուէր «Հայ Քաջ Տօ» միութեան հիմնադիր Միհրան Աղվինեան:
Ան Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ` ներկայութեամբ 250 երիտասարդներու, գլխաւորեց յատուկ սեմինար մը, ինչպէս նաեւ տուաւ դասախօսութիւն մը:
Ներկայացուեցան «Հայ Քաջ Տօ»-ի ինքնապաշտպանութեան ձեւերուն մասին, ինչպէս նաեւ յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ, թէ ինչպէս կը պատրաստուին տիպար նկարագիրով, առողջ մտքով հեռատես երիտասարդներ, որոնք պիտի գիտնան հաւասարակշռուած կեանք ապրիլ:
Աւարտին, Միհրան Աղվինեան «Հայ Քաջ Տօ»-ի Լիբանանի մասնաճիւղի գլխաւոր մարզիչ Վարուժան Քէշիշեանին սեւ գօտի յանձնեց:
Քէշիշեան քանի մը տարիէ ի վեր մարզիչ ըլլալով լիբանանահայութեան կու տայ բազմաթիւ ախոյեաններ:
Կը շնորհաւորենք Վարուժան Քէշիշեանը իր սեւ գօտին ստանալուն առիթով` անոր մաղթելով նորանոր նուաճումներ իր արհեստավարժ ասպարէզին մէջ: