Հայկական լրատու աղբիւրներ կը յայտնեն, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնին մէջ կրնայ փոփոխութիւն կատարուիլ:
Կը նշուի, որ Ռուսիա բնակող հայ մեծահարուստ մը, որ ցարդ չ՛ուզեր, որ իր անունը հրապարակուի, Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան Հայաստանի ազգային հաւաքականին անյաջող մեկնարկէն դժգոհ մնալով որոշած է նիւթապէս օգնել հաւաքականին, այն պայմանով սակայն, որ գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը վստահուի հռչակաւոր եւ աւելի փորձառու մասնագէտի մը: Ան պիտի վճարէ անոր ամբողջ աշխատավարձքը:
Արդէն իսկ բանակցութիւնները սկսած են Արսենալի նախկին մարզիչ Արսեն Վենկերի հետ, որ տասը ամիսէ ի վեր անգործ է:
Նշուեցաւ, որ միջնորդի դեր կը կատարէ հաւաքականի եւ լոնտոնեան Արսենալի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ Փարիզի մէջ երկու անգամ տեսնուած է Վենկերի հետ:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահ Արթուր Վանեցեանը եւս համաձայն կը թուի ըլլալ, միեւնոյն ժամանակ այժմու գլխաւոր մարզիչը` Արմէն Գիւլբուդաղեանցը Վենկերի օգնականներէն մէկը դարձնելու նպատակով:
Բայց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի թեքնիք տնօրէնը` Խինես Մելենտես, համաձայն չէ այդ քայլին` ըսելով, որ այս ձեւով կնքուած նախնական համաձայնագիրի անտեսում տեղի կ՛ունենայ: