Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան մասնայատուկ ուժերու զօրամաս կատարած այցելութեան ժամանակ անդրադարձած է 29 մարտին Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ իր ունեցած հանդիպումին` ընդգծելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթի ձեւաչափը «պիտի չփոխուի»:
«Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած վերջին հանդիպումը կարեւոր էր նաեւ այն առումով, որ վերահաստատեց բանակցային գործող ձեւաչափի ուժը», ըսած է Ալիեւ:
Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահը աւելցուցած է, որ իրենք «կանխարգիլած են Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն` բանակցային հոլովոյթի ձեւաչափը փոխելու փորձերը»:
Ալիեւի կարծիքով` Ազրպէյճանի տարածքները «շրջափակուած» են Հայաստանի կողմէ, ուստի` բանակցութիւնները պէտք է վարել Երեւանի հետ:
«Այս տագնապը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ է… Բանակցութիւնները պէտք է ընթանան եւ կ՛ընթանան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ», յայտարարած է Ալիեւ:
Ազրպէյճանի ղեկավարը նաեւ նշած է, որ տագնապի լուծման հարցին մէջ Պաքուի դիրքորոշումը չէ փոխուած եւ կ՛ենթադրէ «Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի պահպանում»:
Ալիեւ իր խօսքին մէջ նաեւ նշած է, որ Հայաստանի հետ պատերազմը չէ աւարտած, «աւարտած է միայն ատոր առաջին փուլը»:
«Մենք կ՛ապրինք պատերազմի պայմաններու մէջ: Պատերազմը տակաւին չէ աւարտած: Աւարտած է առաջին փուլը», եզրափակած է Ալիեւ:
Ալիեւ Փութինին Կը Ներկայացնէ Փաշինեանի Հետ Հանդիպման Գնահատականները
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են:
Այս լուրը հաղորդող Քրեմլինի պաշտօնական կայքը կը նշէ, որ Ալիեւ Փութինին ներկայացուցած է Վիեննայի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ իր հանդիպումին գնահատականները:
Փութին ընդգծած է Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ բանակցային հոլովոյթը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը: Ան նշած է, որ Ռուսիան պատրաստ է ապագային եւս աջակցութիւն ցուցաբերելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղիներու որոնումին, մասնաւորապէս` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափով:
Քննարկուած են նաեւ երկկողմանի օրակարգի հարցեր: