Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Արամը Դարձաւ Հայոց Պայքարի Եւ Ստեղծարար Մտքի Մարմնացումն Ու Ոգին». Դաւիթ Տօնոյեան
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի ծննդեան 140-ամեակին առիթով ՀՅԴ պատմութեան եւ Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան թանգարաններու միացեալ ջանքերով 30 մարտին տեղի ունեցաւ յատուկ նախաձեռնութիւն:
Պաշտպանութեան նախարարի խորհրդական, զօր. Վարդան Աւետիսեանը ներկայացուց պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի շնորհաւորական ուղերձը, որուն մէջ գնահատանք արձանագրուած է պետական եւ ռազմական գործիչ Արամ Մանուկեանի հասցէին: Ըստ անոր, Արամի մեծագոյն ծառայութիւնը իր ժողովուրդին թերեւս Սարդարապատի հերոսամարտն էր, նաեւ անոր կը պատկանի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման մեծագոյն պատիւը: «Արամ, առաջնորդուելով ազգային եւ պետական մտածողութեամբ, դրսեւորելով կազմակերպչական տաղանդ, ժողովուրդը հաւաքական գործունէութեան մղելու ձիրք, նպատակային ու արդիւնաւէտ գործունէութիւն ծաւալեց: Երկրին մէջ ամէնուր իշխանութեան եւ իրաւակարգի հաստատման, պետական իշխանութեան մարմիններու ամրապնդման, թաթարական հակապետական խռովութիւններու ճնշման, երկրի հայացման, գաղթականութեան եւ որբերու խնամքի համար` նպաստելով նորաստեղծ պետականութեան ամրապնդմանը: Արամը դարձաւ հայոց պայքարի եւ ստեղծարար մտքի մարմնացումն ու ոգին», նշուած է պաշտպանութեան նախարարի ուղերձին մէջ:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Ղազարեանը իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց հայութեան պայքարը` ինքնիշխան կեանքի համար եւ նշեց, որ հայոց ազատագրական պայքարը իր բարձրակէտին հասած է Սարդարապատի մէջ: «Մայիսեան հերոսամարտերը պարտադրեցին թշնամիին` ընդունիլ Հայաստանի անկախ ապրելու իրաւունքը, որ հայ ժողովուրդը փափաքած էր դարեր շարունակ: Յաղթական պատերազմ, որուն կերտման գլխաւոր գործող անձը եղաւ հայ նորագոյն պատմութեան մեծերէն մէկը` Վ. Տէրոյեանի բնորոշմամբ` «Վանի հասարակական հսկայ» Արամ Մանուկեանը», ըսաւ ան:
«1918 թուականի օրհասական օրերուն, երբ դրուած էր հայ ժողովուրդի լինելիութեան հարցը, Արամը հաւատ եւ յոյս ներշնչեց յուսահատութեան գիրկը ինկածներուն: Ան կրցաւ համախմբել ժողովուրդը` պայքարի ոգի ներարկելով անոր մէջ: Արթուր Ղազարեանի կարծիքով, Արամ Մանուկեանը հնարաւոր դարձուց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնումը, որ իր էութեամբ ազգային էր: Բանախօսը յիշատակեց հետեւեալ յատկանշական դրուագը մեծ հայրենասէրի կեանքէն. «Երբ Երեւանը վտանգի մէջ էր, եւ կը սպասուէր, որ անիկա գրաւուի, շատերը կը խօսէին Արամին քաղաքէն հեռացնելու մասին, որ փրկեն անոր կեանքը, բայց Արամը անոնց պատասխանեց, որ իրեն համար գերադասելի է թուրքերու ձեռքով կախաղան բարձրանալ Ազգային խորհուրդի շէնքին առջեւ, քան` հեռանալ, բացի այդ, քաղաքէն հեռանալու մասին չէ, որ պէտք է մտածել, այլ քաղաքը փրկելու մասին: Իր ապրած կեանքով եւ երկրին ու ժողովուրդին անմնացորդ նուիրման շնորհիւ` Արամ Մանուկեանը արժանացաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր-հայր կոչման: Ըլլալով ներքին գործերու նախարար` Արամը կրցաւ դառնալ գործադիր իշխանութեան առանցքային դէմքը: Ձեւաւորելով պետական հիմնարկներ` ան պարտադրեց հայ հասարակութեան յարգել նորաստեղծ պետութեան արժէքներն ու խորհրդանիշերը: Անոր փառքը չեղաւ անցողիկ, այլ անիկա թէեւ ոտնահարուեցաւ, դատապարտուեցաւ մոռացութեան, բայց անոր կերտած պետութեան մէջ վերածնաւ կրկին, որովհետեւ շինծու չէր, պսակուած էր մեր լինելիութեան դափնեպսակով: Հազա՛ր փառք քեզ, մե՛ծ հայ: Հպարտ ենք, որ կաս դուն` որպէս ազգային առաջնորդի չափանիշ:
Շնորհաւոր 140-ամեակդ, Արա՛մ», իր խօսքը այս շեշտադրումներով աւարտեց Արթուր Ղազարեանը:
«Խնդիրը Աւելի Մեծ Է` Մշակոյթի Ոլորտին Մէջ Եղած Կառավարման Ճգնաժամ Է». Լիլիթ Գալստեան
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին կողմէ կեանքի կոչուած` մշակոյթի եւ երիտասարդութեան մասնագիտական յանձնախումբի նախագահ Լիլիթ Գալստեանը «Երկիր»-ին հետ ունեցած է զրոյց մը` Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի աշխատակիցներուն կողմէ կազմակերպուած բողոքի ցոյցին մասին (Կոնստանդին Օրբէլեանը օփերային թատրոնի տնօրէնի պաշտօնէն արձակելու դէմ)` հաստատելով, որ կատարուածը Հայաստանի մշակութային կեանքին մասին առկայ խնդիրներու դրսեւորման մէկ արտայայտութիւնն է:
«Ըստ էութեան, կառավարութեան շէնքին առջեւ հաւաքուած հանրութիւնը ո՛չ միայն օփերային թատրոնի իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը կը պաշտպանէ, այլ նաեւ, կը կարծեմ, կը պայքարի առհասարակ մշակոյթի իրաւունքներու, մշակոյթի ոլորտին մէջ առկայ խնդիրներուն վրայ պետութեան հայեացքը սեւեռելու համար: Եթէ իշխանութիւնը ունենար մշակոյթ երեւոյթի քաղաքական գիտակցումն ու ընկալումը, երբեք կառավարութեան կառուցուածքի նախագիծով չէր նախատեսուեր մշակոյթի նախարարութեան միաւորումը մէկ այլ նախարարութեան հետ: Ասիկա ցուցանիշ է ոլորտը կարեւոր չնկատելու եւ զայն չարժեւորելու, իսկ մշակոյթը հայ ժողովուրդին ինքնութիւնն է, անիկա պետականակերտ երեւոյթ է: Ես համոզուած եմ, որ ասիկա ցուցանիշ է նաեւ քաղաքական կամքի բացակայութեան: Եթէ իշխանութիւնը յղումներ կ’ընէ օրէնքի անկատարութեան, որ հիմք ծառայած է Օրբէլեանը պաշտօնէ արձակելու, ապա լիազօր մարմինը առնուազն 9 ամիս ժամանակ ունէր օրէնսդրական բարեփոխմամբ խնդիրը լուծելու: Յիշենք, որ ո՛չ թէ մարդը կը ծառայէ օրէնքին, այլ նախ եւ առաջ օրէնքը պիտի ծառայէ մարդուն, Հայաստանի քաղաքացիին եւ յետոյ լայն իմաստով` մշակոյթին», ըսած է Լիլիթ Գալստեան:
Ան ընդգծած է, որ ինք այդ հարցին մէջ բազմաթիւ այլ խնդիրներ կը տեսնէ: «Մնայուն կերպով շրջանառութեան մէջ կը դրուի Օրբէլեանի` հայոց լեզուի չիմացութիւնը: Այո՛, հայոց լեզուն մեր գերիշխանութեան խորհրդանիշերէն մէկն է, բայց, ըստ էութեան, հայոց լեզուին լաւ չտիրապետելը Կոնստանդին Օրբէլեանին ոչ թէ մեղքն է, այլ ողբերգութիւնն ու ցաւը: Այդ ցաւը հայ ժողովուրդի կէսը ունի: Հայ ժողովուրդի կենսագրութիւնը ունեցող երկրին մէջ չ’արժեր խօսիլ լեզուի մասին: Այդ ուղերձը, ուր մեղադրանք կայ, ուղղուած է հայ ժողովուրդի 70 տոկոսին, որ կ’ապրի սփիւռքի մէջ:
Կը կրկնեմ, ասիկա կը խօսի քաղաքական կամքի բացակայութեան մասին, որովհետեւ բաւական ժամանակ կար խնդիրը լուծելու նաեւ օրէնսդրական դաշտին մէջ, պարզապէս մշակոյթի ոլորտը կը կառավարեն մարդիկ, որոնք մշակոյթի գործիչներուն հետ խօսելու տարրական բարոյագիտութիւնը եւ իմացութիւնը չունին: Այդ վարչահրամայական ոճը, որով կը խօսին արուեստագէտին հետ, առհասարակ` Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիին հետ, ոչ մէկ ձեւով «կը տեղաւորուի» նաեւ յետյեղափոխական Հայաստանի մէջ: Նոյնիսկ խորհրդային շրջանին ես նման բան չեմ յիշեր:
«Արուեստագէտին հետ վարչահրամայական հռետորաբանութեամբ չեն խօսիր: Միշտ կայ բարոյականութեան եւ օրէնքի նուրբ սահմանը, այս սահմանը առաւել զգօնութիւն ու նրբանկատութիւն կը պահանջէ մշակոյթի, ստեղծագործող անհատականութեան պարագային», դիտել տուած է Լիլիթ Գալստեան:
Օփերայի Եւ Պալէի Ազգային Ակադեմական Թատրոնի Տնօրէն Կոնստանդին Օրբէլեանի Պաշտօնազրկումը Բողոքի Եւ Ընդվզումի Ալիք Կը Բարձրացնէ
Հայաստանի մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Նազենի Ղարիբեանի հրամանով, հինգշաբթի, 28 մարտին, Կոնստանդին Օրբէլեան զրկուեցաւ Ալեքսանտր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի տնօրէնի պաշտօնէն:
Օրբէլեան 2016-ին նշանակուած էր Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար, իսկ յուլիս 2017-ին, մշակոյթի նախկին նախարար Արմէն Ամիրեանի հրամանով` թատրոնի տնօրէն: Պաշտօնազրկումին հիմնական պատճառաբանութիւնը այն է, որ նախ Օրբէլեան չի կրնար գեղարուեստական ղեկավարի եւ տնօրէնի պաշտօնները համատեղել, երկրորդ` ռուսախօս է:
Օրբէլեան ուրբաթ, 29 մարտին կազմակերպեց մամլոյ ասուլիս մը` յայտնելու համար իր դժգոհութիւնը մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատարին տուած որոշումին գծով:
«Ես վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին է, որ կը վարեմ տնօրէնի պաշտօնը, եւ այն, ինչ որ մենք ըրած ենք այս ժամանակաշրջանին, աննկարագրելի է որեւէ թատրոնի համար: Որեւէ ներկայացում ես ինքս իմ միջոցներովս գնած եմ: Նազենի Ղարիբեանը որոշած է, որ զիս անօրինական ձեւով նշանակած են այս պաշտօնին: Այսինքն, ան կը կարծէ, թէ պետութիւնը զիս նշանակելու իրաւունք չունէր: Ատիկա իր անձնական կարծիքն է: Զիս նախապէս չէին զգուշացուցած պաշտօնէն ազատ կացուցելու մասին: Մեր թատրոնը մեր փոքրիկ պետութիւնն է, այնպէս որ, եթէ անոր անձնակազմը կ՛ուզէ, կրնայ արտայայտել իր տեսակէտը», մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց Օրբէլեան` աւելցնելով, որ ինք տակաւին կը մնայ թատրոնին մէջ` իբրեւ գեղարուեստական ղեկավար: Մայեսթրօ Օրբէլեան նաեւ իր վճռակամութիւնը յայտնեց դատական վիճարկումի ենթարկելու Նազենի Ղարիբեանի տուած որոշումը:
Նշենք, որ Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի աշխատողները 30 մարտին իրենց հետ հանդիպելու համար թատրոն հրաւիրած էին մշակոյթի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Նազենի Ղարիբեանը:
«Ստեղծուած իրավիճակը մեզի համար անհասկնալի է, եւ մենք կը պահանջենք, որ մշակոյթի նախարարութիւնը հաշուի առնէ նաեւ մեր կարծիքը: Կ՛ուզենք հանդիպել Նազենի Ղարիբեանի հետ եւ հասկնալ, թէ ինչպէ՞ս կը հիմնաւորէ Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի տնօրէն եւ գեղարուեստական ղեկավար Կոնստանդին Օրբէլեանը աշխատանքէ ազատ կացուցելու իր որոշումը», ըսաւ երգիչ Լիպարիտ Աւետիսեան:
Արուեստագէտները նշեցին, որ այս ընթացքին Նազենի Ղարիբեան երբեք ներկայ չգտնուեցաւ օփերայի թատրոնի առաջնախաղերուն:
Նազենի Ղարիբեան 29 մարտին հրամանագիր ստորագրած էր Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի նոր տնօրէն նշանակելու մասին եւ յայտարարած էր, թէ նոր տնօրէնին անունը պիտի հրապարակէ 1 ապրիլին:
30 մարտին Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ բողոքի հաւաք` առ ի զօրակցութիւն մայեսթրօ Կոնստանդին Օրբէլեանին: Բողոքի հաւաքի մասնակիցները` թատրոնի աշխատողներ, յօրինողներ, թատերական գործիչներ, թատրոններու եւ թանգարաններու տնօրէններ, գիտաշխատողներ, սփիւռքահայ եւ հայրենի հանդիսատեսներ, որոշեցին դիմել Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետեւեալ զոյգ պահանջներով. Ա.-Չեղեալ նկատել Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի տնօրէն Կոնստանդին Օրբէլեանը աշխատանքէ ազատ կացուցելու վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատարին հրամանագիրը, Բ.-Պաշտօնազրկել Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Նազենի Ղարիբեանը` մշակոյթին եւ մշակութային գործիչներուն նկատմամբ անարգալից վերաբերմունք ցուցաբերելուն եւ օրէնքին հակասող յանձնարարականներ ու հրամաններ տալուն համար: Հաւաքին մասնակիցները որոշեցին սոյն պահանջները վարչապետին ներկայացնելու նպատակով 1 ապրիլին հաւաքուիլ եւ բողոքի ցոյց կատարել Հայաստանի կառավարութեան շէնքին մօտ:
31 մարտին Հայաստանի թատերական գործիչներու միութեան նախագահութիւնը գումարեց իր ընդարձակ նիստը, որուն ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին գործող թատրոններու տնօրէնները զօրակցութիւն յայտնեցին Կոնստանդին Օրբէլեանին եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ուղղուած բաց նամակի մը ընդմէջէն պահանջեցին Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Նազենի Ղարիբեանի անյապաղ հրաժարականը:
1 ապրիլի առաւօտեան կանուխ ժամերէն Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան գլխաւոր մասնաշէնքին առջեւ բողոքի ցոյց կատարեցին Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի աշխատակիցները: Անոնք իրենց բողոքը արտայայտեցին Կ. Օրբէլեանի պաշտօնազրկման կամայական որոշումին դէմ: Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի քանի մը աշխատակիցներ հանդիպում ունեցան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ` իրենց պահանջները ներկայացնելու համար: Հանդիպումէն ետք թատրոնի խմբավարներէն Յարութիւն Արզումանեան յայտարարեց, թէ մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Նազենի Ղարիբեան պիտի չներկայացնէ թատրոնի նոր տնօրէնը, եւ տնօրէնի պարտականութիւնը ժամանակաւորապէս պիտի կատարէ փոխտնօրէններէն մէկը: Թատրոնի աշխատակիցները գոհ էին վարչապետին հետ հանդիպումէն: Անոնք փոխադարձ համաձայնութեան յանգած են վարչապետէն ստանալու օրէնքի այն կէտերը, որոնց վրայ հիմնուած էր Ղարիբեան պաշտօնազրկումի որոշումը տալու առումով, օրէնքի կէտերը ստանալէ ետք թատրոնի աշխատակիցները գրաւոր պիտի ներկայացնեն իրենց առարկութիւնները, եթէ օրէնքի որեւէ խախտում տեղի ունեցած է տրուած որոշումին մէջ: Թատրոնի աշխատակիցները որոշեցին առկախել գործադուլներու դիմելու ընտրանքը, ներկայացումները պիտի շարունակուին ծրագրուածին համաձայն:
Ստեփանակերտի Մէջ` Արամ Մանուկեանի 140-ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէս
Ուրբաթ, 29 մարտին, Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ բացումը կատարուեցաւ Արամ Մանուկեանի ծննդեան 140-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին: Հայոց պետականութեան հիմնադիր, քաղաքական, ռազմական ու հասարակական գործիչին կեանքը եւ գործունէութիւնը ներկայացնող ցուցահանդէսին ներկայացուած են արժէքաւոր արխիւային փաստաթուղթեր եւ լուսանկարներ:
Արամ Մանուկեան (Սարգիս Յովհաննիսեան) ծնած է 19 մարտ 1879-ին, Զէյվա, բայց իր հիմնական գործունէութիւնը ծաւալած է հայրենիքի այլ շրջաններու մէջ` ֆետայական պայքարէն մինչեւ պետականութեան կերտում, Վանի նահանգապետութենէն մինչեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակում, պաշտպանութիւն ու կայացում:
Բացման ձեռնարկին ներկայ էին` Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, պաշտօնատար անձեր եւ հիւրեր:
Ծրագիրը իրականացաւ Հայաստանի Ազգային արխիւին հետ համատեղ:
Նշենք, որ կը նախատեսուի արցախեան բնակավայրերու պատմական անցեալի տոհմագրութեան վերաբերեալ առանձին աշխատութիւններ հրատարակել:
Խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն, պատմական գիտութիւնների դոկտոր Ամատունի Վիրաբեանը:
«Նրա կեանքը կապուած է եղել երեք քաղաքների հետ` Շուշի, որտեղ նա ծնուել եւ նախնական կրթութիւնն է ստացել, Երեւան քաղաքը, որտեղ նա շարունակել է իր հետագայ կրթութիւնը եւ 1918 թուականը կազմակերպել Սարդարապատի ճակատամարտը, մայիսեան հերոսամարտերը եւ դարձել Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործերի առաջին նախարարը: Երրորդ քաղաքը Վանն էր, որտեղ անցաւ նրա կեանքի հիմնական մասը, եւ որին նա անսահման նուիրուած էր», ըսաւ Ամատունի Վիրաբեան` աւելցնելով, որ ներքին գործոց նախարարը կը կազմակերպէր կեանքի բոլոր ոլորտները եւ այդ ժամանակուան դժնդակ պայմաններուն մէջ ան փաստօրէն կազմակերպեց Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնը:
Նախագահ Սարգսեան Կը Հիւրընկալէ Ապրիլեան Պատերազմին Մասնակիցները
Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ուրբաթ, 29 մարտին, իր նստավայրին մէջ հիւրընկալեց 2016-ի ապրիլեան ռազմական գործողութիւններուն մասնակցած խումբ մը նախկին ժամկէտային զինուորներ, որոնք հիմնած են «Ապրիլեան մարտական գործողութիւնների մասնակիցների միութիւն» հասարակական կազմակերպութիւնը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց` հայրենիքի հանդէպ իրենց պարտքը նուիրուածութեամբ եւ բարեխղճօրէն կատարած ըլլալնուն համար, նախագահը ըսաւ. «Կայ բացարձակ ու պարզ ճշմարտութիւն մը, որ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ այդ օրերուն, մեր ողջ ժողովուրդի ե՛ւ գիտակցութեան, ե՛ւ սրտին մէջ է: Ոչ ոք մոռցած է ու չի կրնար մոռնալ: Ձեր միութիւնը շատ արժէքաւոր է, քանի որ իսկութեան մէջ կը յաղթեն անոնք, որոնք պատրաստ են»:
Հանրապետութեան նախագահը, տղոց քաջութեան կողքին, կարեւոր համարեց անոնց փորձառութիւնը, որ մեծ արժէք ունի:
«Պատերազմը կը յաղթեն ո՛չ միայն զէնքով, այլ նաեւ` ոգով, սրտով եւ մտքով: Եթէ չկայ անոնցմէ որեւէ մէկը, թերի ես: Եթէ միայն սիրտն է, կ’ըլլաս հայրենասէր տղայ, որ կրնայ թռչիլ եւ զոհուիլ: Եթէ միայն ուղեղ ունիս, կրնայ ըլլալ, որ պահ մը չկարենաս սահման մը անցնիլ, քանի որ տրամաբանութիւնը կ՛ըսէ, որ այդ բանը չընես: Բայց երբ երկուքը միասին կ՛աշխատին, ատիկա յաղթանակի բանալի է: Վստահ պէտք է ըլլաք, որ ինչ որ ըրած էք, ըրած էք հայրենիքին համար, նաեւ` դուք ձեզի համար»:
Ապրիլեան մարտական գործողութիւններուն մասնակիցներու միութեան անդամները նշեցին, որ իրենց նպատակն է համախմբել ապրիլեան ռազմական գործողութիւններուն մասնակցած բոլոր ժամկէտային զինուորները: Անոնք իրենց առաջնահերթ հարցը կը համարեն զոհուած ընկերներու ընտանիքներուն կողքին կանգնիլը ու անոնց սատարելը:
Երիտասարդ հերոսները նաեւ յայտնեցին, որ հետագայ կարեւոր հարցերէն մէկը վիրաւորներուն օգնելն է:
Գէորգ Հաճեանի Մշակութային Գործունէութիւնը Կովսականի Մէջ
Համազգայինի Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ եւ Քաշաթաղի շրջվարչակազմի համագործակցութեամբ, Քաշաթաղի շրջանի ամենահեռաւոր, սահմանամերձ Կովսական քաղաքին մէջ մարտ 22-ին կայացաւ լիբանանահայ հայրենադարձ երգիչ Գէորգ Հաճեանին համերգը` նուիրուած Մեծն Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին: Երգիչը նաեւ եօթը օր մնաց Կովսական եւ դպրոցականներուն ու բոլոր փափաքողներու երգեր սորվեցուց, իսկ վերջին օրը նորէն համերգ տուաւ:
22 մարտին կայացած համերգի բացման խօսքին մէջ երգիչը անդրադարձաւ Կոմիտաս վարդապետի գործունէութեան եւ մեծ դերին` հայոց երգարուեստի բնագաւառին մէջ: Ան կոչ ըրաւ մաքրամաքուր պահել կոմիտասեան ժառանգութիւնը եւ աչքի լոյսի պէս կտակել սերունդներուն:
Երգիչը նաեւ խօսեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան առաքելութեան մասին եւ նշեց, որ Համազգայինը միշտ կանգնած է հայապահպանութեան եւ հայկական արժէքներու տարածման գործի ակունքին:
Բացօթեայ համերգին ներկաները հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին Կոմիտասի երգերը: Այնուհետեւ հնչեցին շարք մը ազգային-հայրենասիրական երգեր:
27 մարտին Գէորգ Հաճեան Միջնաւան համայնքին մէջ եւս ունեցաւ բացօթեայ համերգ, որուն արդէն իրենց մասնակցութիւնը բերին Կովսականի դպրոցի խումբ մը աշակերտներ, որոնք այդ օրերուն արդէն սորվեցան Կոմիտասի երգերէն փունջ մը: Աշակերտներէն ձեւաւորուած խումբը հանդէս պիտի գայ «Կոմիտաս -150» անունով եւ այսուհետեւ այդպէս հանդէս պիտի գայ համայնքի տարբեր ձեռնարկներու ժամանակ:
Համերգին ներկայ էին բնակիչներ` Կովսականէն, Միջնաւանէն եւ Ալաշկերտէն:
Իսկ մարտ 28-ին Գէորգ Հաճեան համերգով նոյնպէս հանդէս եկաւ շրջկեդրոն Բերձորի մէջ:
Երեւանի Մէջ Կատարուեցաւ Եւրոպայի Հրապարակին Բացումը
Երեւանի մէջ, Հիւսիսային պողոտային կեդրոնը, 28 մարտին հանդիսաւոր կերպով տեղի ունեցաւ Եւրոպայի հրապարակի բացման արարողութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը:
Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ալեն Սիմոնեանը նշեց, որ Եւրոպայի խորհուրդի հիմնադրման 70-ամեակին ընդառաջ` խորհրդանշական է «Եւրոպայի հրապարակ»-ի անուանակոչումը:
«Անկախութենէն ետք, վերջին 28 տարիներուն, Հայաստան, նուիրուած ըլլալով համաեւրոպական արժէքներուն, կը շարունակէ կառուցել եւրոպական ուղղութեամբ իր համագործակցութիւնը: Իր գոյութեան 70 տարիներուն ընթացքին Եւրոպայի խորհուրդը իրապէս յաջողութեամբ կրած է եւրոպական արժեհամակարգին հանդէպ պատասխանատուութեան իր կոչումը եւ կը շարունակէ ծաւալել իր մարդակեդրոն գործունէութիւնը», նշեց Ալեն Սիմոնեանը:
Երեւանի մէջ գտնուող` Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Լիլիան Մորի Փասկիէ շեշտեց, որ Եւրոպան զուտ աշխարհագրական հասկացողութիւն չէ, այլ, աւելի՛ն, երեւոյթ մը, որ իր շուրջ համախմբած է տարբեր լեզուներով խօսող, բայց նոյն գաղափարներու տէր մարդիկը:
«Եւրոպայի հրապարակը յիշեցումն է այն բանին, որ Եւրոպան ոչ թէ վերացական երեւոյթ է, այլ` համակարգ, որ կը ներառէ մեր բոլորին ազատութիւնները եւ իրաւունքները», ըսաւ Լիլիան Մորի Փասքիէն:
Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանը, որ «Եւրոպայի հրապարակ»-ի վկայագիրը յանձնեց ԵԽԽՎ-ի նախագահին` ազդարարելով հրապարակին բացումը: