Երէկ երեկոյեան Ազատութեան հրապարակէն սկիզբ առած է ապրիլեան պատերազմի զոհերու յիշատակին նուիրուած մոմավառութիւն-երթը: Ջահերով եւ ապրիլեան պատերազմին զոհուած հերոսներու լուսանկարներով երթը հասած է Եռաբլուր:
Յիշեցնենք, որ 1 ապրիլ 2016-ին գիշերը ազրպէյճանական կողմը Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ սկսած էր լայնածաւալ յարձակողական գործողութիւններ: Յաջորդ օրը, առաւօտեան կանուխ ժամերէն առաջնագիծի հարաւային ուղղութեամբ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը հրթիռահրետանային միջոցներու կիրարկումով` շարունակած էին զինուորական գործողութիւնները, այնուհետեւ շփման գիծի ամբողջ երկայնքին ականանետերով ու հրանօթներով շարունակած էին արկակոծել հայկական զինուած ուժերու առաջնային դիրքերն ու մերձակայ հայկական բնակավայրերը: Ապրիլեան քառօրեայի ժամանակ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը կիրարկած էին «Սմերչ» համակարգը:
Քառօրեայ պատերազմին հայկական կողմէն յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան նահատակուած էին 110 հայորդիներ: