Եւրոպական Միութիւնը կը վերահաստատէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն իր աջակցութիւնը:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով մամլոյ քարտուղար Մայա Քոսիանչիչը` 29 մարտին Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հովանիին տակ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպումին վերաբերեալ իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
«Յուսադրող են ղեկավարներու հաւատարմութիւնը զինադուլը ամրապնդելու եւ խաղաղութեան համար բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու, ինչպէս նաեւ անոնց պատրաստակամութիւնը արդիւնաւէտ բանակցութիւնները շարունակելու ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկելու: Եւրոպական Միութիւնը անհամբեր կը սպասէ թէ՛ մարդասիրական ոլորտին մէջ Վիեննայի համաձայնութեան, թէ՛ ալ ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու համաձայնութեան ուղղութեամբ քայլերու մշակման, որուն մասին Փարիզի մէջ 16 յունուար 2019-ին համաձայնութիւն գոյացուցած են արտաքին գործոց նախարարները: Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցելու այդ ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն:
«Եւրոպական Միութիւնը դարձեալ կը վերահաստատէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն իր լիարժէք աջակցութիւնը, ներառեալ Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչի միջոցով, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութիւններու ծիրին մէջ վստահութեան ամրապնդման քայլերու ծիրին մէջ», նշուած է յայտարարութեան մէջ: