«ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ, ՌՈՒՍԻԱ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱԳՆԱՊԻ ԽԱՂԱՂ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՍԵՐՏՕՐԷՆ ԿԸ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ԿՈՐՏԸՆ
By adminx - Fri Dec 16, 7:49 am
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ֆիլիփ Կորտըն յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա եւ Ֆրանսա սերտօրէն կը համագործակցին Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հասնելու համար:
Կորտըն Միացեալ Նահանգներու մէջ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններուն նուիրուած քննարկումներու ժամանակ ըսած է, որ «իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ` Միացեալ Նահանգները եւ Ռուսիան Ֆրանսայի հետ միատեղ սերտօրէն կը համակարգեն իրենց աշխատանքները` բանակցութիւններու ճամբով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ լուծման հասնելու համար»:
Անդրադառնալով ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններուն` Կորտըն ըսած է, որ արտաքին քաղաքականութեան որոշ հարցերու շուրջ Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան տարբեր տեսակէտներ ունին:
«Մեր կառավարութիւնները կը ձգտին տարբեր դիրքորոշումներ արտայայտել Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վերաբերեալ… Միացեալ Նահանգները կը պաշտպանեն Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը եւ հետեւաբար ամէնէն բարձր մակարդակով կը բարձրացնեն Ռուսիոյ կողմէ` 2008-ի զինադադարի պայմաններուն հետեւելու հարցը», ըսած է ան:






