Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Ճափոն. 89 Հազար Տոլար Դրամաշնորհ` Առողջապահական Ծրագիրներու
Ճափոնի կառավարութիւնը 89 հազար տոլարի դրամաշնորհ յատկացուց Հայաստանի կիներու եւ երեխաներու առողջութեան պաշտպանութեան ուղղուած ծրագիրներու: Այս մասին յայտնեց առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Հայաստանի մէջ Ճափոնի դեսպան Ճուն Եամատա եւ Վերարտադրողական առողջութեան, մանկաբարձութեան եւ կնոջական հիւանդութեանց հանրապետական հիմնարկութեան տնօրէն Ռազմիկ Աբրահամեան ստորագրեցին «Երեւանի մէջ սեռավարակներով տառապող յղի կիներու համար բժշկական սարքաւորումներու տրամադրման նախագիծ»-ի դրամաշնորհին պայմանագիրը:
«Ուրախ եմ տեղեկացնելու, որ «Մարդկային անվտանգութեան ապահովման» ծրագիրի շրջագիծին մէջ, Ճափոնի դրամաշնորհ-օժանդակութիւնը` 88 հազար 748 տոլար, այժմ կը ծառայէ Հայաստանի մէջ կիներու եւ երեխաներու առողջութեան պաշտպանութեան», ըսաւ Եամատա` աւելցնելով, որ երեխաներու առողջութիւնն է առողջ հասարակութեան բանալին, որ կը նշանակէ, թէ պէտք է օգտագործել բոլոր միջոցները` օգնելու նորածիններուն աշխարհ գալու առանց հիւանդութիւններու:
21-րդ Դարու Պատերազմին Մէջ Շատ Աւելի Կարեւոր Է Տնտեսական, Ֆինանսական Բաղադրիչը. Արայիկ Յարութիւնեան
Արցախի նախկին վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանը Երեւանի պետական համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժնի ուսանողութեան համար Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման հեռանկարներու թեմայով իր դասախօսութեան սկիզբը նշեց` Հայաստանը Հայաստանն ու Արցախն է, կայ միասնական տնտեսութիւն, և Արցախի ապագան պայմանաւորուած է Հայաստանի տնտեսութեան զարգացմամբ:
Ըստ անոր, արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրները դիմակայելու միակ լուծումը տնտեսութեան զարգացման մէջ է: «Վերջերս հրապարակուեց համաշխարհային երջանկութեան ինտեքսը, ըստ որի, Հայաստանը 16 կէտով առաջ է անցել, բայց դեռ 116-րդն է: Մէկ շնչին հասնող համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) հաշուով կրկին 110-րդ տեղից այն կողմ ենք: Արդեօ՞ք մեր երազանքն այն է, որ լինենք 100-ից այն կողմ», հարց բարձրացուց Արայիկ Յարութիւնեանը:
Ան վստահեցուց, որ դեռ 2006 թուականին կանխատեսել էր, որ 2014-2016 պատերազմական գործողութիւն սկսելու է Ազրպէյճան` հաշուի առնուելով երկրի տնտեսական հնարաւոր աճը Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան նաւթամուղի գոյութեան պայմաններուն մէջ:
«21-րդ դարի պատերազմը 1980-ականների պատերազմը չէ. մենք 2016-ի ապրիլին մի քանի օրում հասկացանք, որ այս պատերազմում շատ աւելի կարեւոր է տնտեսական, ֆինանսական բաղադրիչը: Որքան էլ խօսենք քաղաքական խնդրի մասին, բայց ապագայում` 10-15 տարում, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծում չի լինի, եւ այս ընթացքում մենք պէտք է զարգացնենք մեր տնտեսութիւնը: Մենք պէտք է աշխատենք, որպէսզի ապահովենք տնտեսական աճ: Իսկ տնտեսական աճի ի՞նչ կշռոյթ պէտք է ունենանք: 2006-ին ես ասել եմ, որ պատերազմ չլինելու միակ տարբերակը Հայաստանի Հանրապետութեան առնուազն 8 տոկոս տնտեսական աճն է, որը կը չէզոքացնէր Ազրպէյճանի ֆինանսական հնարաւորութիւնները: Ցաւօք, սա չստացուեց, բայց, բարեբախտաբար, նաւթի գինը ընկաւ, Ազրպէյճանի ֆինանսական մուտքերը նուազեցին. տարեկան 52 միլիոն թոնի փոխարէն` արդիւնահանման աւելի քիչ արդիւնքներ եղան: Այսինքն, ֆինանսական առումով, Ազրպէյճանը ունեցաւ ճգնաժամ, եւ սա էր պատճառը, որ պատերազմը լայնածաւալ չեղաւ, որովհետեւ պատերազմը մեծ եւ թանկ աղբիւրներ է պահանջում: Հիմա, որպէսզի ե՛ւ Ազրպէյճանից եկող, ե՛ւ առհասարակ, տարածաշրջանում առկայ մարտահրաւէրներին դիմակայենք, պէտք է տնտեսական բարձր աճի կշռոյթ ունենանք: Չմոռանանք, որ աւարտման փուլում է Ազրպէյճանի կողմից ֆինանսաւորուող «Հարաւային միջանցք» ծրագիրը, որով Ազրպէյճանը նպատակ ունի իր կազը տեղափոխել Եւրոպա», ըսաւ Արայիկ Յարութիւնեանը` աւելցնելով, որ ատիկա թոյլ է տալու Ազրպէյճանին` շարունակել սպառազինութեան աւելացումը եւ ուժի սպառնալիքի կիրառմամբ հարցեր լուծել:
«Հետաքրքիր բան կայ. նաւթի տակառի գնի հետ տատանւում է Ազրպէյճանի ղեկավարի ձայնի կոշտութիւնը», ընդգծեց ան:
Արայիկ Յարութիւնեանը նշեց, որ երկիրներու համախառն ներքին արդիւնքը կ՛արտացոլուի պիւտճէով: «Միջին համաշխարհային համախառն ներքին արդիւնքը (ՀՆԱ) կազմում է 10.000 տոլար, Միացեալ Նահանգների դէպքում այն 60.000 է, Իսրայէլի դէպքում` 40.000, ինչը 10-20 անգամ աւելի է Հայաստանի արձանագրածից: Նոյնը արտացոլւում է նաեւ պիւտճէում: Մէկ բնակչի հաշուով, Հայաստանի Հանրապետութիւնում պիւտճէն 1200 տոլար է կազմում, երբ Միացեալ Նահանգներում 12000 տոլար է, Ֆրանսայում` 21.000 եւ այլն», ըսաւ ան:
Ի՞նչ պէտք է ընել: Ըստ Արայիկ Յարութիւնեանի, պէտք է ներդրումներ ունենալ` ուղղակի եւ անուղղակի, պետական եւ սեփական մարզի խողովակներով: «Մենք գիտենք, որ Հայաստանի խնայողութիւնները շատ քիչ են, եւ աղբիւրներ չեն ձեւաւորւում, որ ուղղենք տնտեսութեան զարգացմանը: Արտաքին ներդրումների առումով էլ չունենք մեծ ծրագրեր, ինչպիսիք առկայ են Ազրպէյճանի դէպքում, եւ առաջիկայում էլ չեն սպասւում նման խոշոր նախագծեր, բայց ունենք զարգացման լայն հնարաւորութիւններ գիւղատնտեսութեան, ուժանիւթային, ենթակառուցուածքների, տեղեկատուական արհեստագիտութիւնների եւ այլ ոլորտներում: Տարեկան 3-4 միլիառ է անհրաժեշտ` ապահովելու համար 7-8 տոկոս տնտեսական աճ», շեշտեց ան:
Այս պարագային, Արցախի նախկին վարչապետը ունի մէկ առաջարկ, որ նաեւ բաց նամակով ուղղած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին, այն է` պէտք է համարձակ երթալ պարտքի աւելացման` պետական եւ արտաքին, ապահովել ներդրումներ` այդպէս ապահովելով նաեւ տնտեսական աճ:
«Ուղղութիւնները կան, պէտք է ունենալ պիւտճէի բաց` համապատասխան տոկոսով եւ տարբեր գործիքակազմով, նաեւ ներդրումներ` ոչ միայն պետական պիւտճէով», ըսաւ ան եւ բերաւ զարգացած երկիրներու օրինակը, որոնք, աւելցնելով պետական պարտքը, ապահոված են տնտեսական զգալի աճ: «Իսրայէլի պետական պարտքը համաշխարհային ճգնաժամի ժամանակ` 2008 թուականին, ՀՆԱ-ի նկատմամբ կազմել էր 77 տոկոս, 2009 թուականին Իսրայէլն աւելացրեց պետական պարտքը, եւ այն կազմեց 81 տոկոս: Այսօր Իսրայէլի պետական պարտքը իջել է 60 տոկոսի: Տնտեսական թռիչք, զարգացում, մուտքեր, եւ սկսուեց պարտքի իջեցումը: Արդիւնքում, եթէ 2008 թուականին Իսրայէլի ՀՆԱ-ն մէկ շնչի հաշուով կազմել է 21,8 հազար տոլար, ապա 2018 թուականին կազմել է 40 հազար, համարեա երկու անգամ աճել է: Այն կարծրատիպը, որը ձեւաւորուել է Հայաստանում, թէ յեղափոխութիւնից յետոյ պէտք է արտաքին պարտքը մարուի, դա հնարաւոր չէ: Այս կարծրատիպը պէտք է փոխուի», ըսաւ Արայիկ Յարութիւնեանը:
Անդրադառնալով գիւղատնտեսութեան ոլորտին` ան նշեց, որ Արցախի մէջ 100.000 հա չմշակուած հող կայ, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ` 200.000, բայց ասիկա չի նշանակեր, որ հայերը հող մշակող չեն, ասիկա կը վկայէ պետական բաւարար աջակցութեան բացակայութեան մասին, անիկա առկայ է Իսրայէլի մէջ, ուստի անապատային երկրէն դարձած է ինքնաբաւ երկիր: Երկրորդ` գիւղվարկերը չեն տրուիր արտօնեալ պայմաններով, ինչպէս, օրինակ, Ռուսիոյ պարագային, ուստի չենք կրնար մրցիլ Քրասնոտարի ցորենի հետ:
«Միւս կողմից` որքան էլ պետական աջակցութիւն լինի, հէնց միայն Արցախում չկան երկարաժամկէտ եւ էժան աղբիւրներ, օրինակ` զարգացնելու ջերմոցային տնտեսութիւնը, որն առկայ է եւրոպական երկրներում: Երկրորդ` չկան համապատասխան մասնագէտներ, երրորդ` Արցախը եւ Հայաստանն ունեն նաեւ ենթակառուցուածքների խնդիր», ըսաւ Արցախի նախկին վարչապետը:
Անդրադառնալով հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին` ան նշեց, որ այս ոլորտէն հրաժարուելու տարբերակ չունինք: «Երկու օր առաջ ձկնաբուծութեան մասին եմ կարդում, որ պէտք է Արարատեան դաշտավայրում արգելել ջրերը հանել. խորքային հորերի մասին է խօսքը: Մենք դա չենք անում, բայց այդ նոյն Արարատեան դաշտավայրի գետի միւս կողմում Թուրքիան հանում է, ընդ որում` աւելի մեծ ներուժով», լրացուց ան:
Ի դէպ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ նախկին վարչապետը հարկ համարեց ընդգծել` ճիշդ չէ ըսել, որ Արցախի միջպետական վարկն ամբողջութեամբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛ապահովէ: «Արցախի մաքսազերծումը, աւելացուած արժէքի հարկը ամբողջութեամբ մտնում է Հայաստանի Հանրապետութեան պիւտճէ: Ի հարկէ, մենք շատ գոհ ենք, որ պատերազմի ժամանակուանից մինչ այսօր, Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր իշխանութիւնների օրօք, մենք աջակցութիւն ենք ստացել, որի արդիւնքում Արցախի տնտեսութիւնը, 1990-ականների համեմատ, աճել է 3 անգամ, Ազրպէյճանինը` 2,8 անգամ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը` 1,8: Այսինքն Արցախում առաջանցիկ կշռոյթի հաշուին երբեմնի հետամնաց տնտեսութիւնն առաջ է անցել Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութիւնից», ամփոփեց Արայիկ Յարութիւնեանը:
Հայաստանեան 14 Ընկերութիւններ Պերլինի Մէջ Ներկայացուցած Են Երկրի Զբօսաշրջութեան Գրաւչութիւնը
«Այ. Թի. Պի. Պերլին» միջազգային զբօսաշրջութեան ցուցահանդէսին այս տարի հայաստանեան միասնական տաղաւարին մէջ երկրի զբօսաշրջութեան գրաւչութիւնը ներկայացուցած են այդ ոլորտին մաս կազմող 14 ընկերութիւններ. ներկայացուած առաջարկներուն մէջ կան նաեւ շարք մը ծրարներ դրացի Վրաստանի հետ:
Երկիրը աւելի շատ ծանօթացնելու նպատակով, ցուցահանդէսի ծիրին մէջ, նախնական պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուեցան նաեւ զբօսաշրջութեան գործարարութեան բազմաթիւ ներկայացուցիչներու, քաղաքական գործիչներու, գործարարներու, միջազգային էջատէրերու հետ, որոնք ծանօթացան հայկական զբօսաշրջութեան հնարաւորութիւններուն եւ երկրի հարուստ մշակութային ժառանգութեան: Հայկական տաղաւարին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ ազգային ուտելիքներու եւ հայկական գինիի ու քոնեաքի համտեսում: Ցուցահանդէսին Հայաստան մասնակցեցաւ տարբեր ձեռնարկներու:
Ըստ «Արմէնփրես»-ին, այս մասին յայտնեց Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնարկի շուկայի պատասխանատու Ալիկ Սարգսեանը:
«Այ. Թի. Պի. Պերլին» միջազգային զբօսաշրջութեան ցուցահանդէսը մասնակցողներու թիւով աշխարհի ամենամեծն է: Լաւագոյն հանգստավայրերը եւ զբօսաշրջութեան ծրարները ներկայացնելու համար ամէն տարի շուրջ 190 երկիրներ եւ զբօսաշրջութեան հարիւրաւոր ընկերութիւններ կը մասնակցին: Անոր հիմնական նպատակն է` տարբեր երկիրներու զբօսաշրջութեան ուղղութիւնները եւ կարողութիւնները ներկայացնել զբօսաշրջութեան եւ գործնական ճանապարհորդութիւններու համար:
Հայաստանը արդէն տարիներէ ի վեր կը մասնակցի այս ցուցահանդէսին: Այս տարի մեր երկիրը հանդէս եկաւ աննախադէպ տաղաւարով. անիկա կը ներառէր 3 տի. պատկերներ: Անիկա մեծ հետաքրքրութեան արժանացաւ այցելուներուն կողմէ` գրաւելով նաեւ միջազգային մամուլին ուշադրութիւնը: Ցուցահանդէսին այս տարի կը մասնակցէին հայկական զբօսաշրջութեան շուրջ 14 ընկերութիւններ` Հայաստանի միասնական տաղաւարով», յայտնեց Սարգսեանը:
Միջազգային զբօսաշրջութեան տաղաւարին մէջ հայկական ընկերութիւնները ներկայացուցին արկածախնդրական զբօսաշրջութեան, գինիի զբօսաշրջութեան, բնապահպանական զբօսաշրջութիւն եւ այլ հնարաւորութիւններ: Ըստ Սարգսեանի, հայաստանեան զբօսաշրջութեան ընկերութիւնները հանդիպումներու եւ բանակցութիւններու իբրեւ արդիւնք` նախնական պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերին:
Հայաստանի Կեդրոնական Դրամատունը Շրջանառութեան Մէջ Դրած Է «Գալուստ Կիւլպէնկեան-150» Ոսկի Յուշադրամը
Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը 22 մարտէն սկսեալ շրջանառութեան մէջ դրաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան-150» ոսկի յուշադրամը, հաղորդեցին Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան մամլոյ ծառայութենէն:
Յուշադրամին դիմերեսի նկարին հեղինակը Յարութիւն Սամուէլեանն է, իսկ դարձերեսինը` Վարդան Վարդանեանը:
Լիթուանիոյ դրամահատարանին մէջ հատուած է յուշադրամը, որուն անուանական արժէքը 10 հազար դրամ է:
Յիշեցնենք, որ Գալուստ Կիւլպէնկեան (1869-1955) մեծանուն գործարար էր եւ բարեգործ: Ան անցեալ դարասկիզբի քարիւղի ընկերութեան ներկայացուցիչ, քարիւղային դիւանագիտութեան մէջ ամենաազդեցիկ դէմքերէն մէկն էր, որ ուսումնասիրած էր Միջագետքի քարիւղի պաշարները եւ զբաղած` քարիւղի արտածումով: 1930-ին Փարիզի մէջ ընտրուած էր ՀԲԸՄ-ի նախագահ:
Կիւլպէնկեանի կտակին համաձայն, 1956-ին Լիզպոնի մէջ հիմնուած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը, որ նիւթական մեծ աջակցութիւն կը տրամադրէ սփիւռքի հայ մշակութային միութիւններու, հայկական դպրոցներու եւ հոգեւոր հաստատութիւններու, ինչպէս նաեւ կրթաթոշակներ` հայ աշակերտներու եւ ուսանողներու:
Կիւլպէնկեան ձեռք բերած է արուեստի գործերու, մետաղադրամներու եւ արուեստագիտական գիրքերու հարուստ հաւաքածոյ մը, որ այժմ ներկայացուած է Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» թանգարանի սրահներուն մէջ:
Թանգարաններ Այցելողներուն Թիւը Աւելցած Է 121 Հազարով
Թանգարաններ այցելողներուն թիւը զգալիօրէն աճած է, իսկ Երեւանի գրախանութներու մէջ գիրքերու մրցանշային վաճառք արձանագրուած է:
Ազգային ժողովի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, սփիւռքի հարցերու յանձնաժողովի նիստին մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Նազելի Ղարիբեանը այս վիճակը ներկայացնելով` ըսաւ. «Մշակոյթի առումով, կառավարութեան քաղաքականութիւնը կը միտի մշակութային կեանքին հանրային աշխուժ մասնակցութեան ապահովման, մշակութային ձեռնարկներու լայն քարոզչութիւն կատարելու: Նախորդ տարուան հետ բաղդատելով` այս տարուան դրութեամբ աւելի քան 121 հազարով աւելցած է մշակոյթի նախարարութեան հովանիին տակ գտնուող թանգարաններ այցելողներուն թիւը»:
«Տաշիր» Բարեգործական Հիմնադրամին Միջոցներով Վերակառուցուած Է Մայր Աթոռի Վեհարանը
Ուխտատեղի նկատուող էջմիածինի մայր աթոռի տաճարն ու շրջակայքի որոշ կարեւոր, կանուխ միջնադարեան եկեղեցիներ 2000-ին ընդգրկուեցան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին վրայ:
Այդ կարեւոր կոթողներէն մէկն ալ վեհարանն է, որ ամենայն հայոց կաթողիկոսի նստավայրն ու պաշտօնական գրասենեակն է: վեհարանին շէնքը, որ ունի առաւել քան 100 տարուան պատմութիւն եւ կառուցուած է հայ մեծ բարերար ալեքսանդր մանթաշեանցի միջոցներով, կը գտնուէր անբարեկարգ վիճակի մէջ: շէնքին վերակառուցման աշխատանքները սկսած են 2013-ին` «տաշիր» բարեգործական հիմնադրամին կողմէ եւ կը շարունակուին մինչեւ այսօր:
Ըստ նախագիծի հեղինակ, ճարտարապետ աշոտ արշակեանին, վերակառուցման ընթացքին պահպանուած են շէնքին նախնական կարեւոր առանձնայատկութիւնները:
Բացի վեհարանի վերակառուցումէն` «տաշիր» բարեգործական հիմնադրամին կողմէ շէնքին կից կառուցուած է նաեւ հանդիսութիւններու սրահ մը:
Վեհարանին վերակառուցման աշխատանքները կը նախատեսուի աւարտել այս տարուան ընթացքին: