Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովէն կը յայտնեն, որ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 22 մարտին շնորհակալական նամակ ուղարկած է Քանատայի Համայնքներու պալատի անդամ Ռէյչըլ Հարտըրին. աւելի կանուխ տեղեկացուցած էինք, թէ Օթթաուայի մէջ Հարտըրի ղեկավարութեամբ ձեւաւորուած է Արցախի ժողովուրդին հետ խորհրդարանական բարեկամներու խումբ:
«Յարգելի՛ տիկին Հարտըր, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին եւ իմ անունով երախտագիտութիւն կը յայտնեմ ձեզի եւ խումբի անդամներուն` Արցախի ժողովուրդին հետ բարեկամական յարաբերութիւններ զարգացնելու ցանկութեան ու վճռականութեան համար:
Այս նախաձեռնութիւնը հաստատութենական նոր մակարդակ է մեր համագործակցութեան, որ սկսած է երկու տարի առաջ` Ստեփանակերտ կատարած ձեր այցելութեամբ եւ մեր երկրին հետ ծանօթութեամբ:
Համոզուած եմ, որ անիկա արդիւնաւէտ հարթակ պիտի դառնայ Արցախի եւ Քանատայի միջեւ փոխշահաւէտ կապերու ընդլայնման համար, յատկապէս` մարդասիրական համագործակցութեան բնագաւառին մէջ», նշուած է նամակին մէջ:
Ազգային ժողովի նախագահը շնորհակալական նամակ ուղարկած է նաեւ ՀՅԴ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Սեւակ Պելեանին` բարեկամութեան խումբի ձեւաւորման գործին ցուցաբերած օժանդակութեան համար:
Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Եւս Կ՛ողջունէ
Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածած է յայտարարութիւն մը, որով կ՛ողջունէ Քանատայի մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի ստեղծումը:
«Կ՛ողջունենք 19 մարտին Քանատայի մէջ Արցախի հետ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ստեղծումը: Խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը Արցախի միջազգային համագործակցութեան ընդլայնման կարեւոր ձեւաչափերէն մէկն է:
Քանատացի խորհրդարանականներու այս քայլը անգամ մը եւս կը վկայէ Արցախին եւ անոր ժողովուրդին նկատմամբ մեկուսացման քաղաքականութեան անթոյլատրելիութեան ու անընդունելիութեան մասին: Համոզուած ենք, որ բարեկամութեան խումբի ձեւաւորումը պիտի նպաստէ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամական կապերու ընդլայնման, ինչպէս նաեւ ներդրում պիտի ունենայ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման գործին մէջ` ազատութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու նկատմամբ յարգանքի համընդհանուր արժէքներու խթանման միջոցով:
Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք ՀՅԴ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին` բարեկամութեան խումբի ձեւաւորման գործին մէջ աջակցութիւն ցուցաբերելու համար» նշուած է մեկնաբանութեան մէջ: