ԱՐՓԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ
Անցեալ ամիս մեզմէ յաւիտենապէս բաժնուեցան ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի ընտանիքէն վաստակաշատ երեք անդամներ` Արշալոյս Թասլաքճեանը, Վեհանուշ Հացագործեանը եւ Սրբուհի Ջանանը, որոնք օժտուած էին ԼՕԽ-ականի իսկական յատկանիշներով` բարեգործութիւն, ծառայութիւն եւ զոհողութիւն: Իւրաքանչիւր ընկերուհի իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ իր աշխատանքը չէ զլացած:
Արշալոյս Թասլաքճեանին անունը արդէն կը վկայէ, թէ ան լոյս կը սփռէ բոլորին վրայ` իր հեզութեամբ, լռութեամբ, բարութեամբ եւ համեստութեամբ:
Պատերազմի օրերուն յաճախ ակումբ կը հանդիպէր հարցնելու, եթէ իրեն պէտք ունինք կամ բան մը կ՛ուզենք իրմէ, քանի որ ան մեր փրկարարն էր, որովհետեւ ակումբին շատ մօտ կը բնակէր: Յաճախ կը պատահէր, որ ապրանքի մը պէտք ըլլար, անմիջապէս կը փութայինք իր մօտ: Ժպիտով կ՛ընդունէր մեզ եւ անմիջապէս գոհացում կու տար մեր պահանջքին:
Թէեւ վարչական պարտականութիւն չէ կարողացած ստանձնել, սակայն միշտ ներկայութիւն եղած է մեր մէջ մինչեւ վերջին շրջանին եւ լրիւ կատարած իր պարտականութիւնները:
Վեհանուշ Հացագործեան` ժրաջան, աշխուժ, բծախնդիր, յանձնառու հայուհի, որ ամբողջ կեանքը տրամադրած է ի սպաս ազգային ծառայասիրական գործունէութեան, որուն հիմնական փորձադաշտը կը նկատուէր լիբանանահայ օգնութեան խաչը:
Քարանթինայէն Մար Մըխայէլ երկար տարիներ վարչութեան մաս կազմած է եւ մեծ նուիրուածութեամբ կատարած է իրեն վստահուած բոլոր պարտականութիւնները:
Հայրենասէր մեր ընկերուհին մասնաւոր սէր ունեցած է հայերէն լեզուի նկատմամբ եւ սորված էր բազմաթիւ արտասանութիւններ, որոնցմէ կ՛արտասանէր ԼՕԽ-ի ձեռնարկներուն: Աչքի անյաջող գործողութենէ ետք կարդալն ու կարելը դադրեցուցած էր, անդադար կը գանգատէր իր դժուար տեսողութեան համար: Կը նեղուէր` մտածելով, թէ նեղութիւն կը պատճառէր վարչութեան եւ միշտ կը մտածէր, թէ ինչպէս պիտի փոխադարձէ:
Սրբուհի Ջանան` անունը արդէն կը յատկանշէ իր նկարագիրը: Անձնուէր, հայասէր, ազնիւ եւ բարեացակամ ընկերուհի մը, որ չէ զլացած իր ժամանակը տրամադրելու ԼՕԽ-ին` վարչական պարտականութիւն ստանձնելով, օգտակար դառնալով եւ հասնելով շրջապատի կարիքաւորներուն ու անտէրներուն: Գնահատականի չէր սպասեր, սակայն միշտ կը գովաբանէր ուրիշը:
ԼՕԽ-ուհիներու այցելութիւնները կ՛ուրախացնէին զինք: Աշխուժ եւ ուրախ տրամադրութեամբ կ՛ընդունէր զանոնք, մանրամասն տեղեկութիւններ կ՛ուզէր լսել ԼՕԽ-ի գործունէութեան մասին, քանի վերջին շրջանին յաճախակի ներկայութիւն չէր ժողովներուն: Շրջանէն փոխադրուելէն ետք յաճախ հեռաձայնով կը կապուէինք իրեն հետ, ինչ որ իրեն մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէր:
Հանգիստ ննջեցէք ընկերուհիներ, ձեր «ցանած սերմերը» պիտի շարունակեն ծաղկիլ եւ ԼՕԽ-ական նորահաս սերունդի հայուհիները պիտի շարունակեն ձեր սկսած «ԳՈՐԾԸ»` նոյն յանձնառութեամբ եւ կորովով:
Հողը թեթեւ գայ ձեր վրայ, սիրելի՛ ընկերուհիներ: