Սայաթ Նովա
Մեր քաղաքին մէջ կազմուած հրատարակչական տուներու կարգին իր պատուաւոր տեղը ունի «Էտվան» հրատարակչականը, որ մէկ ու կէս տասնամեակ առաջ սկսաւ գործի եւ հրապարակ հանեց շարք մը մեծապէս գնահատուած գործեր, միշտ` ժողովրդական գիներով:
«Էտվան»-ի լոյս ընծայած գրքոյկները երբեմն ամբողջական գործեր կ՛ամփոփեն` Դուրեան, Մեծարենց, երբեմն կը ներկայանան հատընտիր հանգամանքով` Թէքէեան, Չարենց եւ երբեմն ալ կը ներկայացնեն գրողի մը մէկ գլուխ-գործոցը, ինչպէս` Ինտրայի «Ներաշխարհ»-ը: Վահան Թոթովենցի «Կեանքը հին հռոմէական ճանապարհի վրայ» եւ այլն:
Նոր հրապարակ հանուած հատորը կազմուած է Սայաթ Նովայի հայերէն երգերէն եւ կը հանդիսանայ շարքին 39-րդը:
39 հատոր, երեսունէ աւելի հեղինակներ: Երեք չորրորդով արժանաւոր հեղինակներ, արժանաւոր գործեր, որոնք իրենց մշտնջենական թարմութեամբ կը շնչեն մեզի հետ, յաճախ մենք կը շնչենք անոնց կշռոյթով, կ՛ամրանանք, կը քաղցրացնենք մեր կեանքը, կը բարեխառնենք մեր օրը անոնց ընծայած կենսայորդ աւիշով, ուժով, լուսեղէն տեսիլքներով:
Ասկէ առաջ «Էտվան» Սայաթ Նովայի գլուխ-գործոցներէն հատոր մը կազմած ու սպառած էր: Կը թուի, թէ նոր պահանջի մը գինն է նոր հրապարակ հանուած այս երկրորդ տպագրութիւնը, որ առաջինէն անհամեմատօրէն աւելի լաւ պատրաստուած է` աւելի դիւրացնելով մեծ աշուղին հրաշակերտած գեղեցկութիւններուն ընկալումը:
Ներկայ հատորը կը բացուի «Սայաթ Նովայի սէրը» վերլուծող Նիկոլ Աղբալեանի մէկ դասախօսութեամբ, Ն. Աղբալեանին կը յաջորդէ Սայաթ Նովայի կապակցութեամբ Յովհաննէս Թումանեանի ծաւալած գործունէութիւնը, յետոյ` «Խալխի նոքար»-ին հայերէն խաղերը եւ վերջաւորութեան` համառօտ բառարան մը, որ նոյնպէս կարեւոր է ժողովուրդին համար հրատարակուած նման գործի մը մէջ:
Երեւոյթ մըն էր Սայաթ Նովան, եւ իր գործերուն յօրինումէն երկու հարիւր տարի ետքն իսկ դեռ կը պահէ իր առեղծուածային հրապոյրը: Ի տղայ տիոց գիր սիրած, ղալամ սիրած, դաւթար սիրած խառնուածք, յետոյ խռոված ու խորոված սիրտ, առաւել` խորաթափանց ու լայնապարփակ միտք եւ հարուստ զգայնութիւններով օժտուած արուեստագէտ` ան զգաց էակներուն մէջ փչուած աստուածային շունչը, տեսաւ իրերուն հոգին, հոգի դրաւ իւրաքանչիւր բառի մէջ ու վարարեցաւ ու վարարեց իր էջերը, ապա` «Բոլորքը գոզալներ շարած»` զարկաւ քամանչան, ապրեցաւ հմայքներով, հզօրացաւ հրայրքներով, մեծ էր, իրաւ, եւ ատոր համար սէրը սէր եղաւ, վէրքը վէրք եղաւ, երգը երգ եղաւ` անփշուր, անկրկնելի, յաւերժափառ, աւելցնելով նոյն ատեն յաւերժական շող մը` զինք ծնող ժողովուրդին վրայ:
Պ. Ս.
Սայաթ Նովայի Սէրը
Սայաթ Նովայի գործը անպատասխան սիրոյ քնարական պատմութիւնն է: Այդ սէրը իրական է եւ ոչ` երեւակայական: Ոչ թէ` պատանեկան երազանք կամ երիտասարդի տենչանք, այլ` հասուն մարդու սէր: Սիրողը ամուսնացած է, զաւակներ ունի, բայց բռնուած է նոր ու խոր սիրով մը: Վերջին սէրն է այս, հզօր, քան մահը:
Էլ ապրելու ումիկ չունիմ, իմ օրը կերած գիտենաք:
Այլեւս ապրելու յոյս չունիմ, կ՛ըսէ սիրողը, իմ կեանքը կերած, վերջացած նկատեցէք:
Այս այն հզօր սէրն է, որ երբեմն կ՛երազէ զուսպ ու պարկեշտ դեռատին, որ երբեմն կ՛ապրէր միջնադարը, որ զոյգ կ՛ընթանար Աստուծոյ սիրոյն, երբ որքան բարեպաշտ էր մարդ, այնքան զօրաւոր էր իր սիրոյ ապրումը:
Այս սէրը մերձուստ ճանչնալու համար տեսնենք այն կինն ու տղամարդը, որ տասնութերորդ դարու կէսին Թիֆլիսի մէջ ճակատագրականօրէն հանդիպեցան իրարու: Տղամարդը մեծատաղանդ բանաստեղծ է եւ` համեստ արհեստաւոր: Հնարիչ է իր արհեստին մէջ եւ ստեղծագործ` իր արուեստին: Գիտէ նուագել քանի մը գործիք եւ բանաստեղծել երեք լեզուով` թաթար, վրացի եւ հայ: Համակովկասեան դէմք է եւ` լայնազդեցիկ աշուղ: Խոնարհ խաւերէն իր տաղանդի շնորհիւ բարձրացած է մինչեւ վրաց արքունիքը: Իր աչքը վարժուած է առատութեան ու փարթամութեան, վայելչակազմ տղամարդոց եւ գեղեցիկ կանանց: Այս ճոխութեանց մէջ, սակայն, ան չունի նուաստութեան զգացում, գիտակից է իր արուեստին եւ արժանիքին: Իրաւական կացութեամբ թէեւ ճորտ է վրաց իշխանի, բայց իր տաղանդով կը սաւառնի բարձունքներուն մէջ` հազիւ զիջելով, որ գեղեցկուհիներու խումբ մը իր գործիքին կէսին արժենայ:
«Բոլորքդ գոզալներ շարած` մէջլիսի կէսն իս քամանչա»: Այսինքն` շուրջդ գեղեցկուհիներ շարուած` դու կոչունքի կէսն ես, քամանչա (Սայաթ Նովան մեծ մասամբ այս գործիքը կը նուագէր):
Ան սրամիտ է, պատրաստաբան, գրիմաց` հայերէն եւ վրացերէն: Տիրացած է պարսիկ բանաստեղծութեան դժուար արուեստին. վարպետ է այս մարզին մէջ եւ վրաց բանաստեղծութեան տուած է նոր թափ եւ ուղղութիւն: Բնագէտ է ու խոհուն. ծանօթ է Ս. Գրքին, փոքրասիական թափառական մեծ վէպերուն, պարսիկ, հայ եւ վրացի զրոյցներուն: Զգայուն է գեղեցկութեան հանդէպ` ըլլայ իր, թէ ծաղիկ: Ծաղիկ են իր աչքին եւ գեղեցիկ կանայք, որ տիեզերքի ծոցէն կը ծլին` վեր հմայելու զգայուն սրտերը:
Բայց միաժամանակ բարեպաշտ է, երկիւղած, պարկեշտ եւ տենչացող` ճգնական կենցաղի: Քրիստոնէական առաքինութեան հետամուտ է եւ յորդորող, որ բոլորը հետեւին անոր: Ամուսնացած է, հոգածու հայր է իր զաւակներուն եւ կարծեմ` հոգածու ամուսին, թէեւ` յաճախ բացակայ տունէն, ըլլալով թագաւորին հետ:
Երկակենցաղ է` ապրելով տարբեր միջավայրերու մէջ, մէկ կողմէ արհեստաւորի իր համեստ տունը, միւս կողմէ` թագաւորին պալատը եւ ազնուականին սրահը: Այդ ազնուականներու շարքին մէջ կան եւ շատ հայեր: Այս ազնուական ու փարթամ միջավայրին մէջ է, որ Սայաթ Նովան կը սիրահարի գեղեցկուհիի մը. բառի բուն մտքով կը զարնուի սիրոյ: Այս գեղեցիկ կինը անսովոր էակ է անոր աչքին:
Շատ մարդ կօսէ ես եար ունիմ, դուն ուրիշ եար ես գովելի:
Այսինքն շատ մարդ կ՛ըսէ, թէ ես սիրական ունիմ, դուն ուրիշ, տարբեր, անսովոր սիրական ես:
Այս կինը փարթամ, բայց բարեձեւ կազմուածք ունի, իր բոլոր անդամները գեղեցկօրէն համաչափ են: Ան ամուսնացած է եւ զաւակ ունի, եւ կը թուի, թէ երեսունը անց է արդէն եւ ոչ թէ` դեռատի անփորձ կին մը: Գիտակ է իր հրապոյրին, մարդամօտ է, բայց անմատոյց` իբր կին: Բանաստեղծի ամբողջ գործը անդադրում գովերգութիւն մըն է անոր գեղեցկութեան եւ հրապոյրին:
Ն. ԱՂԲԱԼԵԱՆ
(Հատուած)
Ամէն մարդ չ՛ի կանա խըմի իմ ջուրըն ուրիշ ջըրէն է.
Ամէն մարդ չ՛ի կանա կարթա իմ գիրըն` ուրիշ գըրէն է.
Բունիաթս ավազ չ՛իմանաս` քարափէ քարուկըրէն է`
Սէլավի պէս` առանց ցամքիլ, դուն շուտով խարար մի՛ անի: